Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հրաւէրով, 8 Յունիսին  տեղի ունեցած է հանդիպում՝ Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խըմբակցութեան անդամներուն հետ:


Վարչապետը Արմէն Ռուստամեանին, Աղուան Վարդանեանին, Արծուիկ Մինասեանին եւ Արմէն Բաբայեանին ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրի հիմնական ուղղութիւնները: ՀՅԴ  խմբակցութեան անդամները խնդրած են կարելի եղածին չափ ամփոփ գիծերու մէջ իրենց ներկայացնել ծրագիրի նախագիծը՝ անոր ծանօթանալու նպատակով:
ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»ի թղթակցին յայտնած է, որ վարչապետը ներկայացուցած է կառավարութեան ծրագրի հիմնական դրոյթները, որոնք կը վերաբերին արտահանման ուղղուած ռազմավարութեան, ընկերային եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս կատարուելիք քայլերուն:
«Ի հարկէ, վարչապետի ներկայացրածը շատ համառօտ դրոյթներ էին, բայց, իմ տպաւորութեամբ, նոր բան չկար, կառավարութիւնը պատրաստւում է շարունակել իր որդեգրած քաղաքականութիւնը», ըսած է Վարդանեան, աւելցնելով, որ վարչապետը ըսած է, թէ մանրամասն ծանօթացած է Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագրին, եւ նկատած է՝ իրեն համար ընդունելի դրոյթներ: