Ճափոն տրուած պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ երկրի վարչապետ Եոշիհիքօ Նոտայի հետ:

Հայաստանի նախագահը եւ Ճափոնի վարչապետը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ տարբեր մարզերուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները: Անոնք ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր հայ - ճափոնական յարաբերութիւնները զարգացած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ: Սարգսեան եւ Նոտա նշեցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը զարգացնելու մեծ ներուժ կայ: Յատկապէս կարեւոր  նկատուեցաւ բնական աղէտներու կանխարգիլման, անոնց հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը եւ փորձառութեան փոխանակումը: Համագործակցութեան առումով հեռանկարային նկատուեցան նաեւ գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան մարզերը:
Ճափոնի վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը մտադիր է միջազգային հանրութեան հետ կիսուիլ հիւլէական կայաններու ապահովութեան բարձրացման  կապուած փորձով, եւ այդ նպատակով երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Ճափոնի հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը:
Երկու կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ հայ-ճափոնական քաղաքական երկխօսութիւնը վերջին շրջանին աշխուժացած է, որուն վկայութիւնն է նաեւ Թոքիոյի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացումը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի մէջ եւս Ճափոնի դեսպանատան հիմնումը:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Հարաւ-կովկասեան եւ Ասիա-Խաղաղովկիանոսեան շրջաններու արդի հիմնահարցերը՝ արձանագրելով անոնց խաղաղ եւ բանակցային ճամբով լուծման երկու երկիրներու մօտեցումներուն ընդհանրութիւնը:
Հանդիպման աւարտին Սերժ Սարգսեան եւ Եոշիհիքօ Նոտա միացեալ յայտարարութիւն ստորագրեցին:
Մէկ օր առաջ նախագահ Սարգսեան Սենտայ քաղաքին մէջ այցելած էր «Եուրիակէ-Հիյորիյամա» յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած 2011 թուականին Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին եւ ցունամիին պատճառով զոհուածներու յիշատակին:
Հանրապետութեան նախագահը իր եւ հայկական պատուիրակութեան անունով ողջունած է աղէտէն տուժած Սենտայի բնակիչները եւ անոնց փոխանցած՝ հայ ժողովուրդի համակրանքը: Նախագահը նշած է, որ երախտապարտ հայ ժողովուրդը չէ մոռցած բարեկամ Ճափոնի օգնութիւնը եւ ջերմ վերաբերմունքը, երբ 1988 թուականին Հայաստան մեծ դժուարութիւններէ կ՛անցնէր՝ միաժամանակ յաղթահարելով աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքները: