«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներն ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները 18 Յունիսին Փարիզի մէջ հանդիպում պիտի ունենան:

Երկրորդ  անգամ  Հայաստանի  սահմանը թափանցել  փորձող  ազերի  ջոկատը
բազմաթիւ  զոհեր  տուած  է

Երկուշաբթի օր ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Հայաստան այցէն ժամեր առաջ, հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին վրայ ատրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս կոպտօրէն խախտելով սահմանին հաստատուած հրադադարը՝ փորձած էր ներթափանցել ՀՀ Տաւուշի մարզի Բերդաւան եւ Չինարի գիւղերուն  տեղակայուած հայկական յենակէտեր:

ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ: «Հայոց լեզու եւ հայ գրականութիւն» առարկայի աւարտական եւ միասնական պետական քննութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի, ՀՀ մարզերուն եւ ԼՂՀ-ի մէջ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- «Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի խաչմերուկներում» գիրքի հեղինակ Ռոպերթ Պեքման Պրին, որ այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի, 28 Մայիսին այցելած է Սարդարապատի յուշահամալիր եւ մասնակցած տօնական արարողութեան. ան նաեւ շրջագայած է Սարդարապատի պատմութեան թանգարանին մէջ:

Հակառակ որ Երեւանի մէջ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարը հանդէս եկած է ուժ չկիրառելու կոչով, որեւէ նշում չէ եղած Տաւուշի մահացու միջադէպի մասին

Երկուշաբթի 4 Յունիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը: