Հայաստանի մէջ տեղակայուած 102-րդ ռուսական ռազմակայանի օդուժը՝ մօտ 20% տոկոսով բարձրացուցած է օդանաւերու թռիչքներու յաճախականութիւնը:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր հրապարակած մէկ լուրով կը յայտնէ, թէ 2012ի առաջին վեց ամիսներուն, Հայաստանի մէջ ռուսական օդանաւերու փորձնական թռիչքներուն թիւը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ 20 տոկոսով աճած է՝ հասնելով 300ի:
«Ռուս զինուորականները կտրուկ կերպով աւելցուցած են թիւը Հայաստանի մէջ փորձնական թռիչքներուն, որոնք կապուած են ԼՂ հակամարտութեան սրումին հետ: Ռուսիա անով կը փորձէ հասկցնել, թէ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկման պարագային՝ ինք ձեռնպահ պիտի չմնայ», կը գրէ օրաթերթը:
Նման եզրակացութեան մը համար հիմք հանդիսացած են խօսքերը ռուսական բանակի զօրավար Իկոր Կորպուլի, որ «Ինթըրֆաքս» ատրպէյճանական լրատուական ծառայութեան ըսած էր, թէ ուսումնական թռիչքներու ընթացքին շեշտը կը դրուի իրական մարտերու ժամանակ զանոնք կիրառելու հմտութիւններու ուսուցման վրայ:
Թերթը յիշեցուցած է, որ հրադադարի խախտման վերջին դէպքերուն ժամանակ, երկու կողմերէն զոհուած է առնուազն 8 զինուոր: Թերթը նաեւ գրած է, որ Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ բազմիցս կոչ ըրած են Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու:
«Նիւ Եորք Թայմզ»ը նաեւ նշած է, որ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի ոչ մշտական անդամ հանդիսացող Ատրպէյճանը, դիմած է ՄԱԿին՝ կոչ ընելով անոր միջամտելու խնդիրի կարգաւորման համար՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն միջոցով: