1
8 Օգոստոսին Ասկերանի շրջանի Սղնախ գիւղին մէջ տեղի ունեցած է երդման արարողութիւն: ՀՅԴ «Բերդ» կոմիտէութեան (Ասկերան) շարքերը համալրուեցան նոր ընկերներով:
ՀՅԴ «Բերդ» կոմիտէի ներկայացուցիչը նշեց, որ վերջին շրջանին մեծ հետաքրքրութիւն գոյութիւն ունի Դաշնակցութեան նկատմամբ՝ դիտել տալով, որ այս երեւոյթին լաւագոյն փաստերէն են նոր ընկերներու միացումը կուսակցութեան շարքերուն. ան մանաւանդ կարեւոր նկատեց նորագիրներուն մէջ երիտասարդներու տիրական ներկայութիւնը։
Յիշեցնենք, որ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին ՀՅԴի Մարտակերտի կառոյցին միացած էին քանի մը տասնեակ նորագիրներ։