ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Օգոստոս 28-29ին այցելած է հարաւարեւմտեան սահմանային զօրամասեր եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած է շինարարական ու կառուցապատման լայնածաւալ աշխատանքներուն:

Այցի ընթացքին Սէյրան Օհանեան գտնուած է սահմանագիծի մարտական յենակէտերուն մէջ, ծանօթացած մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինուորական ծառայողներու պատրաստուածութեան եւ բարոյահոգեբանական վիճակին, ինչպէս նաեւ ստուգած է պաշտպանական եւ ճարտարագիտական կառոյցներու վիճակը:
Տեղի ունեցած են կարգ մը սպաներու պարգեւատրումներ: