Օգոստոս 28-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը հանդիպեցաւ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ  Հենրիէթ Արենսին: Հանդիպման ընթացքին նախընտրութիւն տրուեցաւ Հայաստան ժամանած սուրիահայերու, եւ յատկապէս  երեխաներու հիմնահարցերուն:


Նախարարի ներկայացմամբ սուրիահայերու հիմնախնդիրները,  ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ, կը գտնուին  ՀՀ կառավարութեան  անընդմէջ  հսկողութեան եւ ուշադրութեան տակ: Նախարարը խօսեցաւ արդէն իսկ իրականացած եւ ընթացքի մէջ   գտնուող ծրագրերու, սուրիահայերուն պետական մակարդակով տրուող արտօնութիւններու եւ աջակցութեան  մասին: ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ  Հենրիէթ Արենսը հիմնադրամի անունով գործակցութեան եւ աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց, յատկապէս սուրիահայ երեխաներու հետ տարուող աշխատանքներուն: Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ սուրիահայերու կրթական, առողջապահական, սոցիալական հիմնախնդիրներու ամբողջ շարք մը, քննարկուեցաւ հնարաւոր գործակցութեան լայն շրջանակ:
Հիմնադրամի ներկայացուցիչ  Հենրիէթ Արենսը  նշեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարի հետ հանդիպման եւ զրոյցի արդիւնքով ստացուած տեղեկատուութիւնը կը ներկայացուի ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի ամբողջ կառոյցին, այնուհետեւ կը սահմանուին համագործակցութեան հնարաւոր տարբերակները եւ ծրագրերը:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեանը յոյս յայտնեց, որ ձեռք կը բերուի արդիւնաւէտ համագործակցութեան տանող պայմանաւորուածութիւն, որու իւրաքանչիւր ծրագիրը կը գործէ ի նպաստ սուրիահայ երեխաներուն: