Ի պատասխան ՀՅԴ Երիտասարդականի յղած բողոքի նամակի, Հունգարիայի Ընկերվարական Կուսակցութեան Երիտասարդական թեւը՝ Սոսիետաս, պաշտօնապէս ներողութիւն կը խնդրէ հայ ժողովուրդէն Հունգարիայի իշխանութիւններու կողմէ իրականացուած հակամարդկային գործարքի համար եւ պատասխան եւ բացատրութիւն կը պահանջէ պետութենէն:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Այս տարուան Յուլիսին webometrics.info կայքէջին հրապարակած վարկանշային ցանկին մէջ Երեւանի պետական համալսարանը Հարաւային Կովկասի համալսարաններուն շարքին գլխաւոր դիրքը կը գրաւէ։

PanARMENIAN.Net - Հայաստան հանրային հեռուստաընկերութիւնը կը յայտնէ, որ «Մանկական Եւրատեսիլ 2012»-ի հայաստանեան նախընտրական փուլը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 30-ին:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 10ի երեկոյեան, ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին վերատիրացած Հայաստանի ազգային հաւաքականը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ դիմաւորուեցաւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, ուր նաեւ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր հայ վարպետները դիմաւորելու համար:

«ԵԱՀԿ-ն շատ կարեւոր կազմակերպութիւն է Հայաստանի համար», - ըսած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, միջազգային կազմակերպութեան մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ։