Սեպտեմբեր 30ին, Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄի «Ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան» ծրագիրի քսանամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը:

Հայաստանի կառավարութիւնը Սեպտեմբեր 27ի նիստին հաստատած է 2013ի պետական պիւտճէի  նախագիծը:

Հայաստանաբնակ յոյներուն համար, թերեւս, մտահոգիչ է համայնքի թիւի կտրուկ նուազումը: «Համայնքի ներկայացուցիչներու զգալի մէկ մասը մեկնած է հայրենիք՝ Յունաստան. այսօր Հայաստանի մէջ մնացած են հիմնականօրէն աւագ սերունդի ներկայացուցիչները:

Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեան երէկ Ազգային ժողովին պատգամաւորներուն ներկայացուց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդագիրը:

29 Սեպտեմբեր, 2012-ի առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ Երեւանի Արմենիա-Մարիոթ հիւրանոցի ժողովասրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի կազմակերպութեամբ խորհրդաժողով մը՝  «Երեխաների պաշտպանութեան համակարգը Հայաստանում, Սփիւռքի դերը համակարգի ձեւաւորման գործընթացում» թեմայով: