«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Նախաձեռնութեան Միջոցով Հայաստան 15 Թոն Սննդամթերք Պիտի Ուղարկէ Սուրիա

National Geographic ամերիկեան հանդէսը հրապարակած է իր ամենամեայ մրցոյթի այս տարուան դիմումներուն մէկ մասը‘ աւելի քան 3000 աշխատանք:
Անոնց շարքին կան նաեւ Հայաստանը ներկայացնող գործեր: Ուշագրաւ է, որ անոնք ոչ տեղացի հեղինակներու աշխատանքներ են: Այս մասին կը տեղեկացնէ Tert.am-ը։

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ երկիրներու միջեւ դրացիութեան քաղաքականութեան հարցերով Եւրոպական Միութեան  յանձնակատար Սթեֆան Ֆիւլէ Երեւան կը գտնուի: Երէկ ան հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ:

Կիպրոսի Լարնաքա  քաղաքին մէջ, 5 Հոկտեմբերին պիտի հանդիպին Համահայկական Խաղերու Կոմիտէի անդամները, գումարելու համար տարեկան 2րդ ընդհանուր ժողովը: Լուրը կը հաղորդէ Համահայկական Խաղերու կոմիտէի հաշուապահ Պերճ Հալաճեանը:

Պատասխանելով «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի վերջերս Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին ներկայացուած տնտեսական պահանջներուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց,