Սեպտեմբեր 30ին, Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄի «Ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան» ծրագիրի քսանամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը:

Ձեռնարկը կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ:
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, պաշտպանութեան նախարարի ներկայացուցիչ, պաշտպանութեան փոխ նախարար Արա Նազարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր  Վահան Յովհաննիսեան, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, պաշտօնատարներ, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, զանազան երկիրներէ եկած ՀՕՄի անդամներ եւ հոծ բազմութիւն: Ներկաներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմէին Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններէն եկած ՀՕՄի ծնողազուրկ երեխաներու ծրագրի սաներ, ինչպէս նաեւ ներկայիս Հայաստան գտնուող սուրիահայ երեխաներ:
Հանդիսութեան բացումը կատարելով հանդիսավարները բեմ հրաւիրեցին Գարեգին Բ.ի ներկայացուցիչ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը, որ ընթերցեց վեհափառ հօր օրհնութեան գիրը: Ապա ընթերցուեցաւ Արամ Ա. վեհափառի օրհնութեան գիրը: Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, որ շեշտեց, թէ «իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքում ՀՕՄը եղել է այնտեղ, որտեղ հայն ունեցել է օգնութեան կարիք: ՀՕՄը երբեւէ չի զբաղուել ինքնագովազդով: ՀՕՄն իր նուիրական գործունէութեամբ փորձել է դժուարութեան պահին հասնել հային եւ օգնել նրան, հենց դրանով էլ այս միութիւնը վայելում է մեր ժողովրդի յարգանքն ու սէրը»: Իր շնորհաւորագրին մէջ, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան վստահութիւն կ՛արտայայտէր, որ ՀՕՄը «պիտի շարուակէ օժանդակել նոր սերունդի կրթական, առողջապահական եւ բարեգործական ծրագրերու իրագործման, նիւթապէս ապահովել կարիքաւորներին, սատարել շնորհալի ուսանողներին եւ երեխաներին»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ Ազգային ժողովի անդամ Վահան Յովհաննիսեան շեշտեց, որ 1992ին հաստատուած ՀՕՄի ծնողազուրկ երեխաներու ծրագիրը յանդուգն ու ազգանուէր քայլ էր, որ կը կատարուէր փորձառու կազմակերպութեան մը կողմէ, խիստ իմանալով որ ապագան մութ է եւ պատերազմը կրնայ երկարիլ ու միութեան բեռը ծանրացնել: Ան ընդգծեց, որ ամէն դաշնակցական եւ ամէն հայ հպա՛րտ պէտք է զգայ, որ իր կողքին կանգնած է ՀՕՄի նման բարեսիրական կազմակերպութիւն մը:
Յաջորդիւ, բեմի վրայ կողք-կողքի կանգնեցան Թաթուլ Կրպէեանի եւ Սիմոն Գասպարեանի դուստրերը, երկու զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներ, առաջինը՝ Հայաստանէն, երկրորդը՝ Արցախէն: ՀՕՄի «Ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան» ծրագրի երկու սաները իրենց երախտիքը արտայայտեցին ՀՕՄի եւ սփիւռքահայ բոլոր բարերարներուն, որոնք իրենց կողքին կեցան  կեանքի դժուարին հանգրուաններուն: Ասպրամ Կրպէյեանն ու Սիմոնա Գասպարեանը իրենց ելոյթներուն մէջ  շեշտեցին, որ շատ լաւ կը հասկնան սուրիահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու տառապանքը եւ մաղթեցին, որ ինչպէս որ յաղթանակը խաղաղութիւն բերաւ Արցախին ու Հայաստանին, խաղաղութիւն տիրէ նաեւ Սուրիոյ մէջ եւ բնականոն կեանքի վերադառնան սուրիահայ իրենց տարեկիցները:
Ապա բեմ բարձրացաւ Արցախի «Զոհուած ազատամարտիկներու հարազատներու միութեան» նախագահ  Գալիա Արուստամեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ՀՕՄին Արցախի դժուարագոյն օրերուն արցախահայութեան կողքին կանգնելուն  համար, «Մայրական  պատգամ» շքանշանով պատուեց ՀՕՄը, մետալը յանձնելով Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանին:
Վերջին ելոյթ ունեցողը եղաւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, որ ամփոփ ձեւով ներկայացնելէ ետք ՀՕՄի «Ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալութեան» ծրագիրը, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի աշխարհասփիւռ միաւորներուն, որոնք անցնող քսան տարիներուն անխոնջ աշխատեցան այս ծրագիրի իրագործման համար, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ հովանաւորի, առանց որոնց նիւթական ներդրումին այս ծրագիրը չէր կրնար հասնիլ իր այս տրամաբանական լրումին: Իր խօսքի ընթացքին ատենապետուհին ընդգծեց, որ միութիւնը արդէն անցած է «Ուսման ծրագիրի» թափով հետապնդումին, որպէս «Ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան» ծրագիրի տրամաբանական շարունակութիւն:
Ելոյթներուն յաջորդեց համերգային ճոխ յայտագիր, հայրենի անուանի ար-ւեստագէտներու յոյլի մը մասնակցութեամբ, որոնց մէջ յատկապէս ուշադրութիւն գրաւեցին մանկապատանեկան երգ ու պարի խումբերը: Գեղարուեստական բարձր ճաշակով համադրուած համերգը ընդգրկեց նաեւ ազգային ու հայրենասիրական երգեր, որոնց կատարումը մեծ խանդավառութիւն  ըս-տեղծեց սրահին մէջ:
ՀՕՄի «Ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալութեան» ծրագիրը սկիզբ առած է 1992 թուականին: 20 տարիներու ընթացքին 7428 երեխայ  (1261 երկկողմանի ծնողազուրկ եւ 6152 զոհուած ազատամարտիկներու երեխաներ) 4900 անհատ  հովանաւորներէ աջակցութիւն ստացած են:
20 տարիներու ընթացքին ՀՕՄի աշխարհասփիւռ միաւորներու ջանքերով, մինչեւ Սեպտեմբեր 2012, այս ծրագրով Հայաստան փոխանցուած է 5 միլիոն 346 հազար 510 ամերիկեան տոլարի գումար:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը կանանց բարեսիրական, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն է, որ հիմնուած է 1910ին Նիւ Եորքի մէջ, որպէս ՀՅԴ ուղեկից կառոյց: Ներկայիս ՀՕՄը միաւորներ ունի 27 երկիրներու մէջ աւելի քան 15 հազար անդամներով: 1988էն  ՀՕՄը մաս կը կազմէ ՄԱԿի Տնտեսական-Ընկերային խորհուրդին, որպէս ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն: