Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր մինչեւ 1915 Տիգրանակերտի մէջ ապրած հայերու եւ ասորիների ժառանգներուն կոչ ըրած է վերադառնալ նախնիներու քաղաք: Այս մասին կը տեղեկացնէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով «Milliet»-ը:

ՆԵՐԿԱՅ ԷՐ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԷՆ ՀՕՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԸՆԿ. ԼԻԶԱ ԱՒԱԳԵԱՆԸ

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանը,

Գաղթականութեան պետական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն,  «Ազատութիւն» ռատիոկայանը կը հաղորդէ թէ 2012ի Յունուար-Օգոստոս ամիսներուն ճամբորդներու թիւի ժխտական ցուցանիշը՝ հանրապետութենէն մեկնածներուն թիւին գերազանցումը հանրապետութիւն ժամանածներու թիւին, նախորդ տարուան նոյն  ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով աւելցած է 15.5 հազարով կամ 20.7 տոկոսով եւ կազմած 90.8 հազար անձ:

Հունգարիա Դիւանագիտական Յարաբերութեանց Վերականգնման Ակնկալութեամբ Նամակ Յղած Է.

Հունգարիոյ կառավարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 24 Սեպտեմբերին դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման ակնկալութեամբ նամակ մը յղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան:

2012 թ. Հոկտեմբերի 1-14 Շուշիում մեկնարկելու է ժամանակակից արուեստի անդրանիկ նախագիծը, որին մասնակցելու են շուրջ 20 ժամանակակից արուեստագէտներ՝  Հայաստանից եւ սփիւռքից, ինչպէս նաեւ կազմակերպուելու է տեղի արուեստագէտների ստեղծագործութիւնների ցուցադրութիւն: