Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեան երէկ Ազգային ժողովին պատգամաւորներուն ներկայացուց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդագիրը:

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը: Աղբիւրին համաձայն, միջնորդագիրին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան կողմէ 25 մայիս 2012-ին յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեամբ բաւարար ապացոյցներ ձեռք բերուած են‘ փաստելու, որ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հիմնադիր եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վարդան Օսկանեանը իւրացուցած է բարեգործական նպատակներով իր միջոցով հիմնադրամին տրամադրելու նպատակով իրեն վստահուած առանձնապէս մեծ չափերու դրամական միջոցներ, այնուհետեւ տարաբնոյթ գործողութիւններ կատարած յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերուած այդ միջոցները օրինականացնելու ուղղութեամբ անով իսկ կատարելով ծանր յանցագործութիւններ‘ նախատեսուած Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի առաջին կէտով եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի առաջին կէտով:
Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի: Գործով, միջնորդագիրին համաձայն, ձեռք  բերուած են վերը շարադրուած հանգամանքները լուսաբանող բազմաթիւ փաստական տուեալներ, ներառեալ‘ դրամատնային գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններ, որոնք, գործող օրէնսդրութեան պահանջներուն համաձայն, տակաւին հրապարակման ենթակայ չեն: Օսկանեան ներկայիս կը հրաժարի ցուցմունքներ տալու քրէական վարոյթը իրականացնող մարմինին եւ իր պարզաբանումները ներկայացնելու գործով ձեռք բերուած բազմաթիւ ապացոյցներու առնչութեամբ:
«Ձեռք բերուած ապացոյցներու համակցութիւնը բաւարար հիմք կու տայ Օսկանեանը քրէական սոյն գործով ներգրաւելու իբրեւ մեղադրեալ‘ առաջադրելով մեղադրանք առանձնապէս մեծ չափերու դրամական միջոցներ իւրացնելու եւ իւրացման արդիւնքով ստացուած եկամուտները օրինականացնելու համար», նշուած է միջնորդագիրին մէջ:
Առ այդ‘ ղեկավարուելով Հայաստանի սահմանադրութեան 66-րդ յօդուածով‘ Հայաստանի դատախազը կը միջնորդէ համաձայնութիւն տալ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Օսկանեանը՝ իբրեւ մեղադրեալ ներգըրաւելու:
Ազգային ժողովին առջեւ խորհրդարանի որոշման կը սպասէին Օսկանեանին սատարող ցուցարարներ:

«Մենք Մեր Գործընկերը Պիտի Չյանձնենք» Կ՛ըսէ ՀՅԴ

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նոյն հարցով յայտնեց, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը այս գործը սկսաւ դրամներու լուացման մեղադրանքով: Ըստ անոր, դրամները Հայաստանի բարեկամ պարոն Հանթսմանի կը պատկանին եւ եթէ դրամներու լուացում էր, ուրեմն Հանթսման պէտք է ըլլար լուացողը: Վարդանեան նշեց, որ հիմա այդ մեղադրանքը չկայ, այլ կայ դրամներու իւրացում եւ օրինականացում:
Աղուան Վարդանեան հարց տուաւ, որ Օսկանեան որո՞ւ դրամները իւրացուցած է: Հանթսման յայտնած է, որ իր դրամները չէ իւրացուցած, ինք ամբողջ հոլովոյթէն տեղեակ է, իսկ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը, գործադիր տնօրէնը կ՛ըսեն, որ իրենց դրամները ոչ ոք իւրացուցած է: Ուրեմն, ըստ Վարդանեանի, պարզ է, որ իւրացում չկայ: