National Geographic ամերիկեան հանդէսը հրապարակած է իր ամենամեայ մրցոյթի այս տարուան դիմումներուն մէկ մասը‘ աւելի քան 3000 աշխատանք:
Անոնց շարքին կան նաեւ Հայաստանը ներկայացնող գործեր: Ուշագրաւ է, որ անոնք ոչ տեղացի հեղինակներու աշխատանքներ են: Այս մասին կը տեղեկացնէ Tert.am-ը։
Հրապարակուած աշխատանքներուն մէջ նկարուած են Հաղպատը, Ծիծեռնակաբերդը եւ տեսարան մը Լոռիի հեռաւոր գիւղերէն:
Սակայն դիմումները կ’ընդունուին մինչեւ Նոյեմբեր 30, ուստի հնարաւոր է աւելի շատ աշխատանքներ ներկայացուին Հայաստանի վերաբերեալ: Յաղթողը պիտի պարգեւատրուի 10.000 ԱՄՆ տոլար մրցանակով: