ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 11-ին եռօրեայ պաշտօնական այցով մեկնած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի մամլոյ գրասենեակը:

Նոյեմբեր 1էն ի վեր՝ Վրաստանի Սեւ ծովեան Փոթի նաւահանգիստին մէջ կը շարունակուի բանուորներուն գործադուլը, որոնք կը բողոքեն իրենց աշխատանքի ստրկական պայմաններուն դէմ։

2013թ. Փետրուարին կայանալիք ՀՀ նախագահի ընտրու-  թիւնը մեր անկախ պետականութեան անցած ճանապարհը վերաիմաստաւորելու, երկրի ու հասարակութեան խնդիրները ճիշդ ձեւակերպելու, ժողովրդի բարեկեցութիւնն ապահովող գործողութիւններ նախանշելու, արտաքին  մարտահրաւէրները արժանապատուօրէն դիմակայելու բացառիկ հնարաւորութիւն է:

Երէկ ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրաւիրեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ժամանակ հրապարակուեցաւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութիւնը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան եւ Իրան կը պատրաստուին կառուցելու Հարաւային Կովկասի մէջ հզօրագոյն ջրելեկտրակայանները՝  «Մեղրի»ն՝ Հայաստանի եւ «Ղարաչիլար»ը՝ Իրանի կողմը: