ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Հեֆըրն յայտնած է. «Հայկական քաղաքացիական օդանաւերու վրայ յարձակումները անթոյլատրելի են»:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղ թռչող օդանաւերը գրոհելու մասին Ատրպէյճանէն հնչող սպառնալիքներուն՝ ամերիկացի դիւանագէտը այսպէս յայտարարած է լրագրողներուն, «Համագործակցային անվըտանգութեան ամրապնդումը. ՆԱԹՕի Նոր գործընկերային քաղաքականութեան յաւելեալ ներդրում» խորագրեալ սեմինարին ընթացքին, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ ՆԱԹՕի շաբթուան ծիրէն ներս:
Ըստ «ՓանԱրմինիըն»ի՝ «Իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրի ներկայացուցիչ՝ ես այս հարցին վերաբերեալ կը ղեկավարուիմ անոր (ԵԱՀԿ ՄԽ) յայտարարութիւններով», ըսած է Հեֆըրն՝ աւելցնելով, որ կողմերը «պէտք է ձեռնպահ մնան սադրանքներէ», իսկ որեւէ յարձակում օդանաւի մը վրայ՝ անթոյլատրելի է:
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կողմերուն կոչ ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանի վերաբացման հարցին մէջ դիւանագիտական լուծում գտնելու՝ համապատասխան միջազգային համաձայնագիրներու, միջազգային իրաւունքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատըրպէյճանի միջեւ քաղաքային թռիչքներու վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող սովորութեան:
Ինչպէս ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը տեղեկացնէ, Նուլընտ նաեւ նշած է, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը այդ մասին յայտարարութիւններ հրապարակած է: «Յայտարարութիւններէն մէկը կատարուած է 2011ի Ապրիլին, երկրորդը՝ 2012ի Յուլիսին. վերջինիս մէջ ներկայացուած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ դիրքորոշումը, եւ կողմերուն կոչ ուղղուած է խնդիրը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու», ըսած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը՝ յիշեցնելով, որ այդ յայտարարութիւններուն մէջ իրենք նշած են, թէ այդ օդակայանի գործունէութիւնը չի կրնար օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի փոփոխութեան համար:
Նշենք, որ Ստեփանակերտի օդակայանը պաշտօնապէս շահագործման յանձնուեցաւ Հոկտեմբեր 1ին: Ըստ Սեպտեմբեր 28ին ստացուած հաւաստագիրի՝ անիկա լիովին կը համապատասխանէ միջազգային պահանջներուն եւ անվտանգութեան չափանիշներուն: