Ազգային ժողովի յանձնախումբերուն մէջ աւարտեցան 2013-ի պետական պիւտճէի քննարկումները:
Ամփոփելով քննարկումները, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց,

որ օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ իր գնահատականը բացասական է, քննարկումներու վերաբերեալ՝ մասնակի բացասական: Ըստ անոր, թէեւ կային հարցեր, որոնց պարզաբանումը տրուեցաւ, բայց հիմնական, կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն վերաբերեալ լիարժէք եւ խորքային պատասխաններ չհնչեցին:
«Իսկ ասիկա կը նշանակէ, որ այս ընթացակարգին վրայ պէտք է որոշակի ճշգրտումներ մտցուին, որպէսզի թէ՛ կառավարութեան ներկայացուցիչները եւ թէ՛ պատգամաւորները յաջողին երկխօսութիւն ծաւալել այս քննարկումներուն ընթացքին, այլ ոչ թէ հարց հնչէ, իսկ պատասխանը այդպէս ալ չըլլայ: Յոյսով եմ, որ ծրագրային պիւտճէի հետագայ խորացումը պատճառ դառնայ, որ մենք ունենանք աւելի ամբողջական, լիարժէք պիւտճէ եւ անոր համապատասխան լուրջ քննարկումներ: Բայց ասիկա կը նշանակէ նաեւ, որ թէ՛ կառավարութեան ներկայացուցիչները, թէ՛ պատգամաւորները իրենք ալ պէտք է պատրաստ ըլլան հարցադրումներուն», նշեց դաշնակցական պատգամաւորը եւ ընդգծեց, որ քննարկումներու ընթացքը ցոյց տուաւ, որ կառավարութեան ներկայացուցիչներու մեծ մասը չի տիրապետեր այն պիւտճէն, որ ներկայացուած է:
Ըստ Մինասեանի, անոնց, ըստ էութեան, միայն թիւերը կը հետաքրքրեն, մինչդեռ խորքային խնդիր կայ՝ իւրաքանչիւր գումար ծախսելու պարագային պէտք է երեւնայ նաեւ որակական արդիւնքը: Նախկին պիւտճէէն պիւտճէի այս նախագիծը, ըստ  պատգամաւորին, չի տարբերիր, բացառութեամբ քանի մը ցուցանիշերու, որոնց մէկ մասն ալ ձեւական էր:
«Դժբախտաբար, այս պիւտճէն նորէն յետընթաց կ՛արձանագրէ անցեալին ձեռք բերուած մեր յաջողութիւններէն, հասարակութեան կենսամակարդակը այս պիւտճէով չէ աճած, եթէ չըսեմ, որ առանձին պարագաներուն նոյնիսկ անկում պիտի արձանագրէ: Տնտեսութեան աշխուժացման տեսակէտէն պիւտճէն չէզոք դերակատարութիւն ունի, այսինքն՝  չի նպաստեր մրցունակ ճիւղերու զարգացման, աւելի եւս չ՛ապահովեր Հայաստանի ընկերային-տնտեսական կեանքի առաջին մարտահրաւէրին‘ զբաղուածութեան խնդիրի լուծումը»:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ կրնա՞նք ենթադրել, որ Դաշնակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ 2013-ի պիւտճէին, Մինասեան նշեց, որ խմբակցութեան տրամադրուածութիւնը այս պահուն բացասական է, վերջնական որոշում տակաւին չկայ: