Հոկտեմբեր 31-էն Նոյեմբեր 1-ը աշխատանքային այցով Աւստրիայի մայրաքաղաք Վիեննա կը գտնուէր ՀՀ ԱԳ փոխ նախարար Աշոտ Յովակիմեանը:


Փոխ նախարար Յովակիմեանը աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ Աւստրիայի ԱԳՆ գլխաւոր քարտուղար Եոհաննէս Կիւրլէի, Աւստրիայի Պաշտպանութեան նախարարութեան  Անվտանգութեան քաղաքականութեան տնօրինութեան ղեկավար, զօրավար-մայոր Եոհան Պուխերին հետ: Հանդիպումներու ընթացքին ԱԳ փոխ նախարարին կ'ուղեկցէր Աւստրիայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեանը:
Զրուցակիցներուն հետ քննարկուեցաւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ, մասնաւորապէս՝ իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ հարաւկովկասեան տարածաշրջանային զարգացումները, Հունգարիայի իշխանութիւններու կողմէ Ռ. Սաֆարովի՝ Ատրպէյճանին արտայանձնման խնդիրը, պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-աւստրիական երկկողմ համագործակցութեան ծրագիրը, Հայաստանի մէջ Անվտանգութեան ոլորտի բարեփոխումներուն նուիրուած դասընթացներու կազմակերպման առնչուող եւ այլ հարցեր: Նոյեմբեր 1-ին Ա. Յովակիմեանը մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ մշտական խորհուրդի նիստին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով եւ պատասխանեց առաջադրուած հարցերուն: