Նոյեմբեր 1էն ի վեր՝ Վրաստանի Սեւ ծովեան Փոթի նաւահանգիստին մէջ կը շարունակուի բանուորներուն գործադուլը, որոնք կը բողոքեն իրենց աշխատանքի ստրկական պայմաններուն դէմ։

Գործադուլին հետեւանքով՝ Հայաստանի համար նախատեսուած բեռները տեղ չեն հասնիր։ Նոյեմբեր 6ին, հայկական եւ վրացական կողմերը քննարկած են ստեղծուած իրավիճակը, սակայն որեւէ համաձայնութեան չեն եկած։ Նոյեմբեր 7ին, Փոթի նաւահանգիստի գլխաւոր տնօրէն Ճոզեֆ Քրօուլի հրաժարած է իր պաշտօնէն՝ ըստ երեւոյթին յառաջացած տագնապին պատճառով։ Ներկայիս՝ հայկական բեռներու մէկ մասը ափ կը հասնի Պաթումի նաւահանգիստը, որուն հետեւանքով անոնց գինը որոշ չափով կը սղի։ Հայկական բեռնափոխադրող ընկերութեան պատասխանատուն, սակայն, յայտնած է, թէ գլխաւոր պարէնամթերքի եւ ցորենի գիները պիտի մնան անփոփոխ, քանի որ նախապէս ալ այդ ապրանքները կը բեռնաթափուէին Պաթումի մէջ։ Փոթի նաւահանգիստին բանուորներուն գործադուլը տակաւին չէր դադրած անցնող շաբաթավերջի տուեալներով  եւ Վրաստանի Արհմիութեանց միաւորումը բանակցութիւններ կը վարէր նաւահանգիստին ղեկավարութեան հետ։ Վերջինս, որ դանիական ընկերութիւն մըն է, առ այժմ չէ համաձայնած բարելաւելու աշխատողներուն պայմանները։