ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան եւ Իրան կը պատրաստուին կառուցելու Հարաւային Կովկասի մէջ հզօրագոյն ջրելեկտրակայանները՝ «Մեղրի»ն՝ Հայաստանի եւ «Ղարաչիլար»ը՝ Իրանի կողմը:
Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Լուսինէ Յարութիւնեան նշած է, որ վերջերս Հայաստանի մէջ կայացած հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին իբրեւ արդիւնք ձեռքբերուած համաձայնութեամբ «Մեղրի» ջրելեկտրակայանին հիմնարկէքը պիտի կատարուի այսօր 8 Նոյեմբերին:
Նախնական համաձայնութեամբ, ջրելեկտրակայաններէն իւրաքանչիւրը տարեկան դրութեամբ պիտի արտադրէ 793 միլիոն քիլօվաթ-ժամ ելեկտրականութիւն։ «Մեղրի»ի հզօրութիւնը 130 մեկավաթ է: Շինարարութիւնը պիտի տեւէ 5 տարի եւ պիտի արժէ 323 միլիոն տոլար, զոր պիտի տրամադրէ Իրանական ներդրումային ընկերութիւնը: Հայաստանը ներդրուած գումարները 15 տարուան ընթացքին պիտի վերադարձնէ՝ «Մեղրի»ի արտադրած ելեկտրականութենէն տրամադրելով իրանեան կողմին՝ իրանական ընկերութեան կառուցած 230 քիլօվաթ լարման ելեկտրահաղորդակցութեան գիծով: