ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր». «Այսօր»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը՝ անդրադառնալով նախորդ շաբթուայ մէջ հայ-ատրպէյճանական սահմանի որոշ  հատուածներուն վրայ

ատրպէյճանական ուժերու թիւի յաւելման եւ այսօր սահմանին վրայ նկատուող զարգացումներուն, յստակացուցած է թէ «զինտեխնիկայի ու յատուկ ստորաբաժանումների կուտակումները պահպանւում են սահմանին վրայ: Ակտիւութեան այլ դրսեւորումներ չկան» ըսած է ան:

Նախորդ շաբթուան աւարտին ատրպէյճանական կողմը աշխուժացած է եւ սահմանի ատրպէյճանական հատուածին վրայ զինուորական սարքերու շարժում նկատելի էր։ Ա. Յովհաննիսեանը հաստատած է, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հետեւի հակառակորդին կողմէ սահմանագիծին վրայ իրականացուող որեւէ շարժումի ու պատրաստ է յարձակման պարագային համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու:

Երէկ ատրպէյճանական պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածեց, թէ գնդակոծութեան ենթարկուած են ատրպէյճանական բնակավայրերը: Հակառակ որ ակնյայտ է, թէ այդ կ'իրականացուի Ատրպէյճանի մէջ ծայր առած ներքին լարուածութիւնը թուլացնելու նպատակով, մամլոյ հաղորդումները տարբեր մեկնաբանութիւններ կը կատարեն:

Արծրուն Յովհաննիսեանը ըսած է որ «ընդհանրապէս, ամեն տարի էս սեզոնին որոշակի ակտիվութիւն նկատւում է»: