ԵՐԵՒԱՆ.- Լաւագոյն կեցուածքն ու գործունէութիւնը ունեցած զինուորական ծառայողներ 30 Մարտին պարգեւատրուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Հայ սահմանները պաշտպանելիս, մարտական հերթապահութեան, բարդ իրավիճակներում արագօրէն կողմնորոշուելու, ինչպէս նաեւ զգօնութիւն, վճռականութիւն եւ խիզախութիւն ցուցաբերելու համար զինուած ուժերի զինծառայողներ, կապիտան Սմբատ Վարդանեանը, աւագ լէյտենանտ Ապետ Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ պայմանագրային զինծառայողներ աւագ Արթուր Վարդումեանը, սերժանտ Հայկ Մարտոյեանը, կրտսեր սերժանտ Նահապետ Ղեւոնդեանն ու շարքային Արմէն Շախիկեանը պարգեւատրուել են «Մարտական հերթապահութեան համար» 1ին աստիճանի, Վազգէն Սարգսեան» եւ «Ծովակալ Հ.Ս. Իսակով» մեդալներով»:
Պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ բանակի հզօրութենէն կախեալ է մեր ժողովուրդին անվտանգութիւնը եւ կարեւոր նկատած է զինուորներուն ցուցաբերած խիզախութիւնը: Սէյրան Օհանեան ընդգծած է, որ անոնց խիզախութիւնը օրինակելի պէտք է ըլլայ ազգային բանակի բոլոր զինուորական ծառայողներուն համար: