1993-ի գարնան սկիզբին հայկական ուժերը երեք ուղղութիւններով յարձակեցան Վարդենիսի արեւելքին, Լաչինի միջանցքի հիւսիսին ու Մարտակերտի արեւմուտքին սպառնացող դիրքերուն վրայ՝ Քարվաճառը:
Միջանցքի վրայ մղուող մարտերը պայմանաւորուած էին Քարվաճառով, որ կը վտանգէր նաեւ Մարտակերտի շրջանի՝ Փետրուարին սկսած ազատագրման գործողութեան հետագայ զարգացումը, կը սպառնար սակաւաբնակ Վարդենիսին եւ մանաւանդ երկինքէն վտանգ կար յատկապէս Շահումեանի մէջ պայքարող մարտիկներուն ուղղաթիռային կապի պահպանման համար:
Մարտակերտ քաղաքը դեռ չէր ազատագրուած, Պուշկի բարձունքներուն վրայ ծանր կռիւներ էին, եւ թշնամին չէր սպասեր, թէ հայկական ուժերը կը գրոհեն Քարվաճառը: Արեւմտեան կողմէ գործողութիւնը կը ղեկավարէին Գուրգէն Դալիբալթաեան ու Հրաչ Անդրեսեանը, Մարտակերտի ճակատէն՝ Աւոն, իսկ միջանցքի կողմէն՝ այսօր ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետ զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովը: Ապրիլ 2-ին գրաւուեցաւ Քարվաճառը: