«Սուրիական» օդանաւային ընկերութեան երեւանեան գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Դամասկոս-Լաթաքիա-Երեւան թռիչքները տակաւին չեն սկսած, սակայն Ապրիլի կէսէն սկսեալ ընկերութիւնը մտադիր է իրականացնել Երեւան-Գամիշլի թռիչքներ:
Դիտել տրուած է, որ տոմսերուն գիները տակաւին որոշուած չեն: Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը:
Ընկերութեան աշխատակիցին համաձայն, թռիչքներուն մասին մանրամասն տեղեկատուութիւն պիտի փոխանցուի Ապրիլի սկիզբը: Դամասկոս-Լաթաքիա-Երեւան թռիչքներուն չեղեալ յայտարարուելուն պատճառներուն եւ Երեւան-Հալէպ թռիչքներուն վերսկսման հաւանականութեան մասին տեղեկութիւններ չկան տակաւին։ Յիշեցնենք, որ Դամասկոս-Լաթաքիա-Երեւան վերջին թռիչքը կատարուած է Փետրուար 5ին։ Այն ատեն Երեւան գացող ուղեւորներուն թիւը 75 էր, իսկ մեկնողներունը՝ 13: Մինչ այդ Դամասկոս-Լաթաքիա-Երեւան թռիչքներ կատարուած էին Յունուար 22ին եւ 29ին: