Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր-պաշտօնական ներկայացուցիչ Ռամին Մեհմանփարասթը:
Քոչարեան նշեց, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ – իրանական յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, առկայ է պարբերական քաղաքական երկխօսութիւն, տնտեսական համագործակցութիւն, աշխուժ են մշակութային կապերը:
Քննարկուեցան շրջանային խնդիրները, ընդգծուեցաւ անոնց բացառապէս խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկու երկիրներու լրատուամիջոցներուն միջեւ համագործակցութիւնը խթանելու ուղիներուն վերաբերեալ: