Պռոշեանցիները եւ Հայաստանի տարբեր մարզերէն Պռoշեան հաւաքուած հազարաւոր մարդիկ անցնող շաբաթավերջին հրաժեշտ տուին իրենց մարտական ընկերոջ, արժանաւոր գիւղապետին՝ Հրաչ Մուրադեանին, որ օրեր առաջ դաւադիր փամփուշտի զոհ դարձած էր:

Պռոշեանցիներուն համար Հրաչ Մուրադեանի անժամանակ մահը ոչ միայն բազմաթիւ հարցեր յառաջացուց, այլ նաեւ մտահոգութիւն: Եթէ Հայաստանի մէջ կը սպաննուի ազատամարտիկ, հայրենիքի եւ սեփական փոքր համայնքի նուիրեալ ղեկավարը, ապա մտահոգուելու լուրջ պատճառ կայ:

Պռոշեանցիները անգամ մը եւս փաստեցին, որ ան անմնացորդ կը ծառայէր բոլորին: Ժողովուրդը նկատել տուաւ, որ Հրաչ Մուրադեանին համար նոյնիսկ մահը խնդիր չէր, եթէ կենդանի ըլլար, ան պիտի ըսէր. «Գործերս թերի մնացին, գերեզմանը ինծի հոգ չէ»:

Դամբանական խօսքը
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան իր ուղղած դամբանական խօսքին ընթացքին կոչ ուղղեց բոլոր մարտական ընկերներուն ցուցաբերել զսպուածութիւն եւ վստահութիւն յայտնեց, որ ոճրագործները պիտի պատժուին: Map-Armenia.com կը հաղորդէ թէ ան ըսաւ «Եթէ չպատժվեն, կը պատժուեն Աստծոյ կողմից, եթէ Աստուած չպատժի, կը պատժի Դաշնակցութեան Աստուածը»:

Հրաչ Մուրադեան կռուեցաւ մարտի դաշտին վրայ, թշնամիի գնդակը խնայեց անոր, բայց ինկաւ ներքին դաւաճանի գնդակէն: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ Հրաչ Մուրադեան խոնարհ հերոս էր եւ անձայն, առանց աւելորդ ցուցամոլութեան իր աշխատանքը կը կատարէր: Որեւէ գործի մէջ անոր նուիրուածութիւնը վարակիչ էր՝ թէ՛ իբրեւ համայնքի ղեկավար, թէ՛ արցախեան ազատամարտին մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Մուրադեան մնաց Ղարաբաղի մէջ մինչեւ զինադադար կնքուիլը: Ըստ անոր, ան խաղաղ կեանքին մէջ չունէր նիւթական միջոցներ, պետական աջակցութիւն եւ թիկունք, քանի մը անգամ յաղթեց եւ գիւղապետ դարձաւ, որով- հետեւ ան ժողովուրդին համակրանքը ունէր:

Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան ամբաստանութեամբ
կալանաւորուած է Արայիկ Պետրոսեանը
Ապրիլ 2-ին Կոտայքի մարզի Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան փաստով յարուց- ւած քրէական գործով՝ Ապրիլ 5-ին մեղադրանք յառաջադրուած է Արայիկ Պետրոսեանին՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ կէտով (Սպանութիւնը, որը կատարուած է անձի կամ անոր մերձաւորի՝ կապուած այդ անձի կողմէ իր ծառայողական գործունէութեան կամ հասարակական պարտքի կատարման հետ) եւ 235-րդ յօդուածի 1-ին մասով (Ապօրինի կերպով հրազէն, բացի ողորկափող հրազէնէն եւ անոր փամփուշտներէն, ռազմամթերք, ակօսափող հրազէնի փամփուշտներ, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելը, իրացնելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը): Այս լուրը կը յայտնէ ՀՀ ոստիկանութեան կայքը:

Կը նշուի, որ նախաքննական մարմնի միջնորդութեամբ Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Ապրիլ 5-ի որոշմամբ՝ Արայիկ Պետրոսեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

ՀՅԴ-ն չեղեալ յայտարարեց բոլոր տօնական միջոցառումները
NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ մամուլի քարտուղար Գայիանէ Մանուկեանը յայտնեց թէ չեղեալ նկատուած են տօնական բոլոր միջոցառումները:

«ՀՅԴ-ն նախատեսել էր քարոզարշաւի մեկնարկին իրականացնել բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները, այդ թւում համերգներ, սակայն մեր ընկերոջ եւ զինակցի դաժան սպանութեան հետ կապուած՝ բոլոր տօնական միջոցառումները չեղեալ են յայտարարուել» ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մայիս 5-ին: Քարոզարշաւը կը սկսի այսօր: