Որդեգրման կարգով ամրագրուած է, որ երեխայի որդեգրումէն յետոյ հինգ տարի Հայաստանը պէտք է պահանջէ ու ստանայ հաշուետուութիւններ երեխաներու վիճակի մասին:

ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- Հայաստանի երեխաներու արտասահմանեան որդեգրումը այսուհետեւ կը կատարուի ընդունուած եւ արդէն ուժի մէջ մտած որդեգրման կարգի կիրառմամբ: Այս մասին «Փաստինֆօ»ի թղթակցին յայտնեց ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան Քաղաքացիական ակտերու գրանցման գործակալութեան պետի տեղակալ Արգամ Ստեփանեանը:

Ընդունուած որդեգրուած կարգը համապատասխանեցուած է Երեխաներու պաշտպանութեան եւ օտարերկրեայ որդեգրման բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին Լա Հէյ համաձայանագիրի պահանջներուն, որուն Հայաստանը միացած է:

Որդեգրման կարգով գործընթացը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար հնարաւորինս կրճատուած են ներպետական գործընթացները՝ ներքին փաստաթղթաշրջանառութիւնը: Առաջ՝ որդեգրման ենթակայ գործերը կ'ուղարկուէին կառավարութիւն, այնտեղէն ալ ոստիկանութիւն՝ գործի վերաբերեալ եզրակացութիւն տալու համար, նոր կարգով գործերը կþուղարկուին անմիջապէս ոստիկանութիւն: Այսպէս, եթէ առաջ ներքին գործընթացները մինչեւ որդեգրման թոյլտուութիւն ստանալու համար դատարան դիմելը կը տեւէր մի քանի ամիս, այժմ ներքին գործընթացները կը կատարուին մէկուկէս ամիսէն երկու ամսուայ ընթացքին: Որդեգրողներու շահերէն ելլելով միաժամանակ համապատասխան փաստաթուղթեր ներկայացնելու ժամկէտը երկարացուած է եւ մէկ տարիէ հասած է մէկուկէս տարուայ: Հայաստանէն երեխաներու օտարերկրեայ որդեգրողները հիմնականօրէն ԱՄՆէն, Ֆրանսայէն ու Իտալիայէն են, սակայն հիմա ակտիւ է նաեւ Գանատան, որդեգրողներ կան նաեւ մասնաւորապէս՝ Ռուսաստանէն:

Կարգով նախատեսուած է նաեւ, որ որդեգրման գործընթացը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար ՀՀ արդարադատութեան նախարարի հրամանով կը ստեղծուի միջգերատեսչական աշխատանքային խումբ, որուն կ'ընդգրկուին ՀՀ արդարադատութեան, աշխատանքի ու սոցիալական հարցերու, առողջապահութեան նախարարութիւններու, ոստիկանութեան համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչները, որոնք իրենց աշխատանքային գործունէութեան բնոյթով մշտապէս կը զբաղուին երեխաներու որդեգըրման հարցերով: Միջգերատեսչական խումբին մէջ ընդգրկուած է նաեւ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան ներկայացուցիչը եւ ատիկա ինքնանըպատակ չէ՝ արտաքին գործերու նախարարութիւնը որդեգրման կարգով պարտաւորութիւն ունի ցանկացած տեղեկատուութիւն որդեգրուած երեխաներու վիճակի վերաբերեալ Հայաստանի օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն ստանալ ու փոխանցել աշխատանքային խումբին: Որդեգըրման կարգով ամրագրուած է, որ երեխայի որդեգրումէն յետոյ հինգ տարի Հայաստանը պէտք է պահանջէ ու ստանայ հաշուետուութիւններ երեխաներու վիճակի մասին: Արդէն իսկ Յունիս ամսուայ ընթացքին աշխատանքային խումբը կը ձեւաւորուի եւ խումբի առաջին հաւաքը տեղի կ՛ունենայ:

Արգամ Ստեփանեանը նշեց նաեւ, որ առայսօր Հայաստանի երեխաներու նկատմամբ որդեգրումէն ետք որեւէ բռնութեան հետ կապուած տեղեկատուութիւն չէ եղած: Ըստ ՔԿԱԳ գործակալութեան փոխղեկավարի, հնարաւոր խնդիրներէն խուսափելու համար անհրաժեշտ է, որ որդեգրողները ամէն ինչ իմանան երեխայի մասին, այդ թւում՝ նրա առողջական վիճակի մասին: Դրա համար, նախատեսուած է որդեգրողի հանդիպումը երեխայի հետ, ցանկութեան պարագային նաեւ առողջութեան զննութեան անցկացումը՝ մանկատան հսկողութեամբ: