Ուրբաթ, Մայիս 24ին Հայաստանի ամբողջ տարածքին հնչեց դպրոցական այս տարեշրջանի վերջին զանգը: Փակուեցաւ կրթական տարին: Այս տարի երեսուն հազար շրջանաւարտ վկայուեցաւ Հայաստանի 1400 կրթական օճախներէն:

Անցեալ տարի շրջանաւարտներուն թիւը քառասուն հազար էր: Շրջանաւարտներուն համար տօն էր անցեալ շաբաթավերջը. տօնական հագուստներով, փուչիկներով ու ծաղիկներով, խումբ-խումբ շրջանաւարտները կը շրջէին քաղաքը քալելով կամ ինքնաշարժով, ինչպէս սովորութիւն է:
Աւանդաբար՝ «Վերջին զանգ» կոչուող այս օրը կը սկսի դպրոցական միջոցառումներով, կը շարունակուի զբօսանքով եւ եկեղեցիի մէջ մոմավառութեամբ, իսկ երեկոյեան՝ խնճոյքով, երգով ու պարով: Հայաստանի մէջ այսպէս հրաժեշտ կու տան դպրոցին եւ կ՛ողջունեն կեանքի նոր փուլը: