ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Եռագոյն».- Ռուսիա մտադիր է այսուհետեւ նոյնպէս սատարել Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքներուն՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ, ինչպէս նաեւ այլ միջոցներով.

Երեքշաբթի, Մայիս 21ին այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, ատրպէյճանցի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպման ընթացքին:

«Քննարկեցինք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնախնդիրը: Մենք միջազգային երեք հիմնական միջնորդներէն մէկն ենք եւ մտադիր ենք այսուհետեւ եւս սատարել կողմերուն համար ընդունելի լուծումներ որոնելու գործին՝ Պաքուի եւ Երեւանի հետ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր», ըսած է Լաւրով:

Իր կարգին, Մամետեարով յայտարարած է, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքներուն մէջ յառաջխաղացք կ՛ակնկալէ տարեվերջին կայանալիք Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն ետք: «Այն ատեն կարելի կ'ըլլայ կրկնապատկել ու եռապատկել մեր ջանքերը, որպէսզի յառաջխաղացք ապահովուի այս բարդ, բայց լուծելի հակամարտութեան լուծման համար», ըսած է Մամետեարով:

Շեշտելով, որ Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովումը Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնայնութիւնն է՝ Լաւրով շեշտած է, թէ Արցախի հակամարտութիւնը կրնան  լուծել միայն շահագրգիռ կողմերը, «իսկ մենք՝ միայն կ'օգնենք», աւելցուցած է ան:

ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Կ'ԱՅՑԵԼԵՆ

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու հերթական այցելութիւնը երէկ Չորեքշաբթի օր սկսաւ: Նախատեսուած չէ Արցախ արցելութիւն:

«Ներկայ իրավիճակը անընդունելի է թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Ղարաբաղի բնակչութեան համար», ըսած է Լաւրով՝ ընդգծելով, թէ հակամարտութեան կարգաւորումը կարեւոր է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման համար: