Անձնական այցելութեամբ Երեւան գտնուեցաւ երէկ, Մեծն Բրիտանիոյ գահաժառանգ Չարլզը: Ան Մատենադարան այցելեց, ուր խորապէս տպաւորուեցաւ թանկագին ցուցանմուշներէն:

Զրուցելով Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի հետ, իր հիացմունքը արտայայտեց. «Մատենադարանի բոլոր ցուցանմուշները հազուագիւտ են եւ ուժեղ ազդեցութիւն ունին այցելուներուն վրայ» ըսաւ տնօրէնը:

Իշխան Չարլզը հիւրն էր Մատենադարանի բարեգործական ծրագրին եւ ներկայ եղաւ այս նպատակով իրագործուած շնորհանդէսին:

Նշենք, որ նոյն պահուն, Մատենադարանի շէնքին առջեւ ցոյց իրագործեցին բնապահպանները, խնդրելով իշխան Չարլզի աջակցութիւնը: