ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստի ծիրին մէջ կը շարունակուին աւարտած ենթակառուց-ւածքներու բացումներն ու տարբեր ծրագիրներ տրուած այցելութիւնները։

24 Մայիսին հիմնադրամի շուրջ քառասուն հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւնը՝ կազմուած տեղական մարմիններու ատենապետերէն, ներկայացուցիչներէն եւ բարերարներէն, հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութի շրջանի Դրախտիկ գիւղի նորակառոյց համայնքային կեդրոնին : Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Սուրբ Էջմիածինի ներկայացուցիչ Շահէ վրդ. Անանեանը, Հադրութի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեանը, համայնքի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Համայնքի բնակիչներու մեծ բազմութիւնը ոգեւորութեամբ կը սպասէր բացման արարողութեան:

«Մեր բարերարների շնորհիւ այս համայնքն իսկական դրախտի է վերածւում», իր շնորհաւորական խօսքին մէջ յայտնած է Պարգեւ սրբազանը:

Դրախտիկի համայնքային կեդրոնը կառուցուած եւ կահաւորուած է Հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի ֆինանսաւորմամբ (բարերար Պերճ Լիւլեճեան): Կեդրոնին մէջ (283 քմ մակերեսով) կը գործեն բշժկական բաժանմունքը, ծննդասենեակը, հանդիսութիւններու դահլիճը, համակարգչային կեդրոնը, գրադարանն ու գիւղապետարանը:

Համայնքային կեդրոնը հիմնադրամին կողմէ կեանքի կոչուած չորրորդ ենթակառուցուածքային ծրագիրն է աւելի քան 430 բնակիչ ունեցող Դրախտիկ համայնքին մէջ: Սփիւռքի տարբեր համայնքներու ջանքերուն շնորհիւ այսօր գիւղը ունի որակեալ ըմպելի ջուր (Ռուսիոյ հայ համայնք), գեղեցիկ նորակառոյց մանկապարտէզ (Ֆրանսայի հայ համայնք) եւ գիւղատնտեսական կայան (Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի համայնք):

Ըմպելի ջուրի համակարգի բացում Քարինտակի մէջ

25 Մայիսին հիմնադրամի պատուիրակութիւնը այցելեց Շուշիի շրջանի Քարին Տակ համայնք, ուր վերակառուցուեցաւ ըմպելի ջուրի համակարգը:

Վերակառուցուած ներքին ցանցի շնորհիւ՝ շուրջ 150 տնտեսութիւն ունեցող գիւղը այսօր ունի կանոնաւոր ջրամատակարարում:

Նշենք, որ ջրամատակարարման համակարգը կը վերակառուցուի հիմնադրամի Յունաստանի, Կիպրոսի, Ուրուկուէյի, Արժանթինի, Պրազիլի տեղական մարմիններու եւ ՀՕՄի միացեալ ջանքերով:

«Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի ատենապետ
պրն. Վաչէ Տէր Կարապետեան ներկայ եղաւ Շուշիի շրջանի Քարին Տակ համայնքին մէջ, 
ըմպելի ջուրի համակարգի վերակառուցման