ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ստեփանակերտ եւ Երեւան իր կեցութեան օրերուն, երաժշտական մեծագոյն օփերաներու մէջ հռչակի արժանացած սոփրանօ Մոնսէրաթ Քապայէ, առիթը ունեցած է մօտէն շփուելու հայ երիտասարդ արուեստագէտներու եւ հանրութեան հետ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է երգչուհին, որուն շնորհակալութիւն յայտնած է, որովհետեւ, հակառակ ամէն տեսակ

դժուարութիւններու, ան կրցաւ յաղթահարել մարտահրաւէրը, այցելել ո՛չ միայն Հայաստան, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ՝ «այդպիսով արդար ու մեծ գործ կատարելով»:
Նախագահ Սարգսեան Մոնսերաթ Քապայէն պարգեւատրած է Հայաստանի պետական բարձր պարգեւով՝ Պատուոյ շքանշանով, համաշխարհային երաժշտարուեստի բնագաւառին մէջ անոր ունեցած մեծ վաստակին համար: Նախագահը ընդգծած է, որ մեծ հաճոյքով եւ համոզումով Հայաստանի Հանրապետութեան ամէնէն պատուաւոր շքանշաններէն մէկը կը յանձնէ արուեստագէտի մը, որ իր ներկայութեամբ, անկրկնելի ձայնով ու վարպետութեամբ պատուած է աշխարհի գրեթէ բոլոր յայտնի ու լաւագոյն բեմերը եւ ունի երկրպագուներու հսկայական բանակ:
Սպանացի աշխարհահռչակ արուեստագէտը շնորհակալութեամբ ընդունած է՝ «ջերմութեան եւ սիրոյ իբրեւ նշան տրուած պարգեւը», ինչպէս ինք բնորոշած է: Ան մեծ ակնածանքով եւ սիրով խօսած է Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, անոր դարաւոր հերոսական պատմութեան եւ մշակոյթին մասին: «Խաղաղութեան եւ սիրոյ կղզի է Հայաստանը: Դուք հրաշալի երկիր ունիք, եւ ոգեղէն մեծ ուժ ունեցող ժողովուրդ էք», յայտնած է Մոնսերաթ Քապայէ: Նշանաւոր երգչուհին նշած է, որ անկրկնելի տպաւորութիւններով կը հեռանայ Հայաստանէն եւ վստահ է, որ այս այցելութիւնը անպայման շարունակութիւն պիտի ունենայ։