ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».¬ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի մասնակցութեամբ  տեղի ունեցած է սուրիահայերու թաղամասի կառուցման նպատակով հայ նկարիչներու եւ լիբանանահայ արուեստաբան Մովսէս  Հերկէլեանի նուիրաբերած նկարներու հաւաքածոյի ցուցահանդէս-վաճառքի նախնական ցուցադրութիւնը: 17-22 Յունիսին սփիւռքի նախարարութեան եւ Մարսէյի «Terre d՛Armenie» մշակութային կազմակերպութեան

նախաձեռնութեամբ Մարսէյ քաղաքին մէջ պիտի կայանայ «Ֆրանս-հայկական գերազանցութեան շաբաթ», որուն ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ այդ հաւաքածոյին ցուցահանդէս-վաճառքը: Ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայերու համար թաղամասի կառուցման աշխատանքներուն:
Նկարներու ցուցադրութեան բացումը տեղի ունեցած է «Էրեբունի պլազա» կեդրոնի սրահին մէջ գտնուող նկարիչ Վահրամ Յարութեանի ցուցասրահին մէջ՝ մասնակցութեամբ նուիրատու նկարիչներէն Վահրամ Դաւթեանի, Վահան Ռումելեանի, Գէորգ Եղիազարեանի եւ Նայիրա Աղախանեանի:
Շնորհակալութիւն յայտնելով հայ նկարիչներուն եւ սփիւռքահայ արուեստաբան Մովսէս Հերկէլեանին՝ այս կարեւոր նախաձեռնութեան համար, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը նշած է, որ այս նախաձեռնութեամբ հայ նկարիչները իրենց ուրոյն ներդրումը պիտի ունենան սուրիահայութեան համար բնակարանաշինութեան կարեւոր գործին մէջ։
Հայ գեղանկարչական արուեստը միջազգային մակարդակներու վրայ ներկայացնելու, 28 միջազգային ցուցահանդէսներով բնագաւառին մէջ թարմութիւն ներմուծելու եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ հայկական արուեստը տարածելու եւ ճանաչելի դարձնելու համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով պարգեւատրած է նախաձեռնութեան իր «Կէսգիշերային խաղ» կտաւը նուիրաբերած Վահրամ Դաւթեանը: