Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած է աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Բարեւ ձեզ» խորագիրը:
Ասկէ առաջ, Երեւանի մէջ քանի մը անգամ ցուցադրուած են Կիւլէրի լուսանկարները, բայց այս անգամ՝ հանրածանօթ լուսանկարիչը անձամբ ներկայ
եղած է ցուցահանդէսին բացումին:
Ինչպէս ծանօթ է Արա Կիւլէրը կ’անուանեն «Պոլսոյ աչքը», «100ամեակի լաւագոյն լուսանկարիչը», «Անգերազանցելի լուսանկարիչ-պատմաբան», եւ այլ անուններով: Անոր լուսանկարներուն մէջ անմահացած է պահը, որ այնքա՜ն բան կը պատմէ: Իր իսկ խօսքերով՝ ան աշխարհը կը տեսնէ լուսանկարի գործիքի խցիկին ընդմէջէն՝ նկարելով կեանքը ինչպէս որ է:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ երեք ամիս:
Արա Կիւլէր կ'ըսէ որ մեծ առաւելութիւն է հայ ըլլալը
«Կարելի կը զարմանաք, բայց ամենամեծ փոփոխութիւնը խորհրդային ժամա- նակներէն ի վեր, որը ես նկատեցի Հայաստանի մէջ, կիներու կօշիկներու կրունկներու բարձրութիւնն է», - այս խօսքերը կը պատկանին պոլսահայ լուսանկարիչին, որ իր ցուցահանդէսի բացման առիթով, հինգերորդ անգամ ըլլալով Հայաստան գտնուեցաւ:
Լուսանկարներու վարպետը 65 տարիներ շարունակ նկարած է մարդոց, աշխարհի եւ կեանքի պահեր: Ան ծանօթ է բազմաթիւ յայտնի ու ազդեցիկ մարդոց լուսանը- կարներու իր շարքին համար, ուր տեղ գտած են՝ Ուինսթըն Չերչիլ, Ինտիրա Կանտի, Սալվատոր Տալի, Սոֆիա Լորէն, Պրիժիտ Պարտօ, Արամ Խաչատրեան, Ուիլիամ Սարոյեան, Սերգէյ Փարաջանով: Փարաջանովի մասին Կիւլէր յայտնած է թէ ան իր ամենամօտիկ ընկերներէն մէկն էր եւ ամէն անգամ որ Պոլիս կÿայցելէր, իր ընկերոջ տան մէջ կը հիւրասիրուէր:
Հայաստանի ազգային պատկերասրահէն ներս շարունակուող ցուցահանդէսին ներկայացուած են շուրջ 130 գործեր: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս վերջ, ապա հեղինակը իր լուսանկարները պիտի նուիրէ Հայաստանին:
85ամեայ Արա Կիւլէրը, աւելի քան կէս դար ցուցահանդէսներ կազմակերպած է աշխարհի շուրջ երեք տասնեակ պետութիւններու մէջ: Աշխատած է միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու հետ, ինչպիսին են «Թայմզ», «Փարի մաչ» եւ այլն: Ան յայտնեց թէ մարդոց լուսանկարելու ժամանակ ուշադրութիւն կը դարձնէ ոչ թէ անոնց գեղեցկութեան, այլ բնոյթին վրայ:
Արա Կիւլէր արժանացած է Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի պետական ու մասնաւոր հաստատութիւններու շարք մը մրցանակներու: Օրինակ, 2002-ին Ֆրանսայի կառավարութիւնը իրեն շնորհած է Արուեստի եւ գրականութեան պատուոյ լեգեոնի շքանաշանը, 2009-ին ան արժանացած է Թուրքիայի Ազգային ժողովի մեծ մրցանակին, 2012 թուականին մեծանանուն վարպետին շնորհուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալը:
«Ֆոտոժուռնալիզմի առաջին քաշած ֆոտոգրաֆս Աթաթուրքի արձանի կոտրելն էր՝ 1948-ին», - այսօր կը վերյիշէ յայտնի լուսանկարիչը:
«Ես արուեստով չեմ զբաղիր: Արուեստը սուտ բան է….ամէն գիշեր Համլետը կը մահանայ: Քանի՞ Համլետ կայ աշխարհի վրայ: Արուեստը՝ թատրոնը, շարժանկարը, իրականութեան հետ կապ չունին, եւ բեմադրիչն է որ կÿորոշէ ընթացքը: Բայց լուսանկարը իրականութեան մասն է, իրականութիւնն ալ սուտ չէ, սուտ չըլլալուն համար արուեստ չէ», - ըսած է Կիւլէրը:
Նշանաւոր լուսանկարիչը շեշտած է, որ հայ ըլլալը առաւելութիւն է, եւ իրեն համար որեւէ խնդիր չէ առաջացած Թուրքիոյ մէջ:
Ան աւելցուց, թէ քաղաքականութեան մասին չի փափաքիր արտայայտուիլ, ոչ ալ կÿուզէ խօսիլ կամ մեկնաբանել վերջին օրերուն ընթացքին Թուրքիոյ մէջ շարունակւող ժողովրդական հաւաքներու ու բողոքի ցոյցերու մասին, թէեւ գաղտնիք չէ, որ լուսանկարիչը բաւական մտերիմ է Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին հետ, որ մասնակցած էր Արա Կիւլէրի մեծարման երեկոյին: Շատերու ուշադրութիւնը գրաւած է այն լուսանկարը, ուր Էրտողանը կը լուսանկարէ Արա Կիւլէրին: