Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան ուղղուած հարցում-պատասխանի ժամանակ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան երէկ հետաքրքրուեցաւ, թէ ի՞նչ կը կատարուի Պռօշեանի մէջ լարուած մթնոլորտը լիցքաթափելու համար:

«2 Ապրիլին դաւադրաբար սպաննուեցաւ Պռօշեանի գիւղապետը, ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեանը: Յետոյ պղծեցին Ազատամարտիկներու յուշարձանը, գիւղի կեդրոնին մէջ հայհոյանքներ գրեցին զոհուածի հասցէին: Կ՛ընթանայ նախաքննութիւն: Թէ՛ հանրութիւնը, թէ՛ մենք համբերատար կը սպասենք իրաւապահ մարմիններու բացայայտման: Սակայն որոշ ուժեր կը փորձեն լարել Պռօշեանի՝ առանց այդ ալ գերլարուած մթնոլորտը», յայտարարեց Վարդանեան եւ նշեց, որ շուտով գիւղին մէջ նոր ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ:

Ըստ անոր, մինչ այդ Կոտայքի մարզպետը գիւղապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակած է կին մը, որուն պռօշեանցիները չեն ընդունած՝ ունենալով իրական մտահոգութիւն, որ այդ անձին նշանակումը աւելի պիտի սրէ վիճակը:

« Ի՞նչ կ՛ընէք, որ պռօշեանցիները ստանան զիրենք յուզող հարցերուն պատասխանը, որ ոչ թէ սրուի, այլ մեղմանայ մթնոլորտը», հարց տուաւ դաշնակցական պատգամաւորը:

Տարածքային կառավարման նախարար, փոխ վարչապետ Արմէն Գէորգեան վըստահեցուց, որ մարզպետ Կովալենկօ Շահգալդեան գործած է օրէնքի սահմաններուն մէջ, եւ օրէնքը կ՛ենթադրէ, որ մարզպետը կրնայ նշանակել համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար: