Փլասիտօ Տոմինկոյի նախագահութեամբ Աթէնքի մէջ գումարուած Europa Nostra-ի ընթացքին հաստատուեցաւ թէ՝ Մարտինի Ս. Գէորգ Հայկական Եկեղեցին Եւրոպայի Ամենավտանգուած Յուշարձաններէն Է

Աթէնքի մէջ անցեալ շաբաթավերջին կայացած «Եուրոփա Նոսթրա» կազմակերպութեան 50ամեակի յոբելենական հաւաքին առիթով հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին,

կազմակերպութիւնը հրապարակած է Եւրո   պայի ամենավտանգուած յուշարձաններու եօթնեակը, որ կ՛ընդգրկէ մշակութային ժառանգութեան օրինակներ՝ Ալպանիայէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն, Փորթուկալէն, Իտալիայէն, Ռումանիայէն եւ Թուրքիայէն:

Այս ցանկին վրայ է նաեւ Պատմական Հայաստանի Մարտին քաղաքի Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցին:

Մշակութային ժառանգութեան պաշտպան կանգնող «Եուրոփա Նոսթրա»ի տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Եւրոպայի մշակութային եւ բնութեան ժառանգութեան այդ գանձերը սպառնալից վիճակի մէջ են՝ անհրաժեշտ գումարներու կամ փորձաքննութեան բացակայութեան, վատ ծրագրումի, անփութութեան, բնական աղէտներու եւ քաղաքական տագնապներու հետեւանքով»:

Հանդէս գալով մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, «Եուրոփա Նոսթրա»ի նախագահ, մեծահռչակ թենոր Փլասիտօ Տոմինկօ ըսած է. «Այս յուշարձաններն ու վայրերը ընտրուած են ոչ միայն այն պատճառով, որ անոնք կը պատմեն մեր ընդհանուր անցեալէն մասնիկներ, այլ որովհետեւ, անոնք արժէքաւոր են իրենց պահպանութեան պարտաւորութիւնը կրող տեղական համայնքներուն համար»:

«Մօտաւորապէս 15 դար, Ս. Գէորգ եկեղեցին Մարտին քաղաքի մեծ հայ համայնքին հոգեւոր օճախը հանդիսացած է: Պատմական յուշարձան դասակարգուած սոյն շինութիւնը կառուցուած է 420ին եւ օգտագործուած է հայ բնակչութեան կողմէ մինչեւ 1915, մինչեւ հայերուն կողմէ քաղաքը լքելը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Միաժամանակ կը նշուի, որ յուշարձանը փրկելու մտահոգութիւնը «Եուրոփա Նոսթրա»ին ներկայացուած է՝ Մարտինի Հայ կաթողիկէ համայնքի հիմնադրամին աջակցութեամբ:

«7 ամենավտանգուած վայրեր» ծրագիրը մեկնարկած էր 2013ի Յունուարին, որմէ ետք 21 եւրոպական երկիրներ ներկայացուցած էին 40 թեկնածու: Այս ծրագիրին կ՛աջակցի Եւրոպական ներդրումներու դրամատունը: