Ազերիական դիրքերուն վրայ լարուածութիւն կայ, որովհետեւ մտահոգ են
թէ հայկական պատասխան գործողութիւն պիտի ստանան

Կառավարութեան նիստի ընթացքին խօսելով, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը յայտարարած է, թէ «Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ իրավիճակը վերահսկելի է»:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան՝ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է ղարաբաղեան-ատրպէյճանական զօրքերու սահմանագիծին հիւսիսարեւելեան (Ջրաբերդ) եւ հարաւարեւելեան (Կորգան) ուղղութիւններով ատրպէյճանական խումբերու հետախուզական բնոյթի համակարգուած յարձակումը կասեցնելու ընթացքին հերոսաբար նահատակուած, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ենթասպայ Արմէն Յովհաննիսեանի յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօնին:

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, վաղը Ուրբաթ, Յունուար 24ին, ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու:

Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ:

Սոչիի ողիմպիականին 
Հայաստան պիտի ներկայացնէ չորս մարզիկ

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- 7 Փետրուարին Սոչիի մէջ մեկնարկելիք Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն երեք դահուկորդներ եւ մէկ լեռնադահուկորդ:

Արմէն Յովհաննիսեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ: Ներկայ էին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանը, պատ-գամաւորներ, զինուորականներ եւ ժողովուրդ:

Թաղման թափօրը ուղղուած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: