«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ 1 Յունուար 2014-էն սկսեալ Ռուսիոյ մէջ, ուժի մէջ մտած են «Ռուսիայէն ելքի եւ Ռուսիա մուտքի մասին» եւ «Ռուսիոյ մէջ օտարերկրեայ քաղաքացիներու իրա- ւական կարգավիճակի մասին» օրէնքներուն մէջ կատարուած փոփոխութիւնները:
Հայաստանի գաղթականներու պետական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 1 Յունուարէն սկսեալ առանց մուտքի արտօնագիրի Ռուսիա մուտք գործելու իրաւունք ունեցող պետութիւնները, որոնց շարքին՝ Հայաստանի քաղաքացիները կրնան Ռուսիոյ տարածքին մէջ մնալ 90 օր՝ իւրաքանչիւր 180 օրուան ընթացքին:
«Ատիկա կը նշանակէ, որ այդ պետութիւններու քաղաքացիները Ռուսիոյ մէջ 90 օր գտնուելէ ետք այլեւս չեն կրնար Ռուսիոյ սահմանը կտրել եւ անմիջապէս վերադառնալ, ինչպէս ատիկա նախապէս կ՛ընէին:
«Անհրաժեշտ է հաշուի առնել, որ վերոյիշեալ կարգը խախտողներուն համար սահմանուած է Ռուսիա մուտք գործելու արգելք 3 տարի ժամկէտով», ըսուած է Հայաստանի գաղթականութեան պետական ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: