Ինչպէս պատահեցաւ դէպքը 

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ հրապարակուած են Արցախի սահմանագծին վրայ տեղի ունեցած յարձակման դէպքի մասին, որ յանգեցաւ հայ սպայ Արմէն Յովհաննիսեանի սպանութեան:

Ըստ հայկական աղբիւրներու, ատրպէյճանցիները յարձակած են մեծ խումբով, սակայն Արմէնը նկատած է յարձակողներուն, զգուշացուցած հայ սահմանապահներուն եւ սկսած է դիմադրել: Նոյնիսկ ծանր վիրաւոր վիճակով ան շարունակած է դիմադրութիւնը: Արմէնի սխրանքը հայկական ուժերուն հնարաւորութիւն տուած է արագ կազմակերպուելու եւ թշնամիին հակահարուած տալու, թշնամիէն խլելով զոհեր:

Հերոս սպան 10 մարդու կեանք փրկեց
Արմէն Լեւոնի Յովհաննիսեանը ընտանիքի միակ տղայ զաւակն էր: Աւան համայնքին մէջ, ուր կը բնակի իր ընտանիքը, սուգ է: Արմէնի դին հայրենի օճախ փոխադրուեցաւ երէկ, իսկ այսօր տեղի կ'ունենայ յուղարկաւորութիւնը Եռաբլուրի մէջ:
Արմէնի մարմինը Արցախէն Երեւան փոխադրեցին իր հրամանատարական կազմի զինակիցները: Անոնք Արմէնի հարազատներուն հետ զրուցելով՝ պատմեցին Արմէնի մարտական պատրաստուածութեան, ինչպէս նաեւ արիութեան մասին: Ան զօրակոչուած էր մէկուկէս տարի առաջ: Բանակի մէջ ծառայութեան ընթացքին ան երբեք չէր խուսափած իր պարտականութիւններէն:
Արմէնի հարազատներէն մէկը պատմած է թէ ան իր գործողութիւններով տասը մարդու կեանք փրկեց: «Նա կարող էր դիմել փախուստի, քանի որ ունեցել է դրա բոլոր հնարաւորութիւնները, բայց Արմէնն արիաբար պայքարել է, դիմադրել թշնամուն»:

 

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարը պաշտօնապէս հրապարակեց հայ զինուորներու հերոսութեան ու ատրպէյճանական ստոր յարձակումի մանրամասնութիւնները

ՀՀ պաշտպանության նախարար Սեյրան Օհանյանն երէկ անդրադարձաւ սահմանագծին վրայ ատրպէյճանական յարձակման դէպքին եւ ներկայացուց որոշ մանրամասնութիւններ:
Նախարարը յայտնեց որ Ատըրպէյճանի խումբերու յարձա- կումը կասեցուած է 9 հոգիէ բաղկացած հայկական ստորաբաժանումին կողմէ. «Դիրքում կանգնած, ինը հոգուց բաղկացած սովորական ստորաբաժանումը՝ ետ է մղել Ատրպէյճանի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման երկու խումբերի՝ շուրջ 30 հոգի: Միթէ սա հերոսութիւն չէ՞»,- ըսած է Սէյրան Օհանեանը:
Ինչպէս կը հաղորդէ Մեդիամաքսը, Սէյրան Օհանեան այս մասին խօսած է IDeA բարեգործական հիմնադրամի հիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի հետ Երեւանի Ջոն Կիրակոսեանի անուան թիւ 20 դըպրոց այցելութեան ժամանակ:
Աշակերտները հայոց բանակին նուիրուած երաժշտական ներկայացումներ պատրաստած էին հիւրերուն համար: Ներկայացման աւարտին ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին կրտսեր սերժանտ Արմէն Յովհաննիսեանի յիշատակը:


Ատրպէյճան
կը խոստովանի իր կորուստներու մասին

Ըստ ազերիական սովորութեան, սահմանագծին վրայ տեղի ունեցած դէպքերէն ետք, երբ զոհեր եւ վիրաւորներ կան ազերիական բանակին մէջ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կուգայ յայտնելով իր ունեցած կորուստներու մասին, որոնք սակայն կը վերագրէ «արկածներու» կամ զէնքի հետ անզգոյշ վարուելու, կամ ինքնասպանութեան փորձերու: Երէկ նախարարութիւնը յայտարարած է թէ չորս զինուոր վիրաւորուած է...

 

Ատրպէյճանի դրօշը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրնայ յայտնուիլ
միայն դեսպանատան տանիքին. ԼՂՀ նախագահի մամուլի քարտուղար

Ատրպէյճանի դրօշը իսկապէս կրնայ, եւ նոյնիսկ պէտք է յայտնուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Սակայն միայն այդ երկրի դեսպանատան տանիքին: Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեանը՝ մեկնաբանելով «Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք» հասարակական միաւորման նախագահ Պայրամ Սաֆարովի հերթական յայտարարութիւնը այն մասին, որ «Ատրպէյճանի եռագոյն դրօշը պիտի ծածանի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»:
«Ատրպէյճանի դրօշը պէտք է ծածանուի Լեռնային Ղարաբաղում իր դեսպանատան տանիքից: Մենք բազմիցս ենք խօսել այդ մասին, եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ամենակարճ եղանակն ենք համարում: Մեր հերթին մենք պատրաստ ենք տեղ յատկացնել դեսպանութեանը Շուշիում, Ստեփանակերտում կամ մէկ այլ վայրում, որտեղ որ նպատակայարմար կը գտնենք»,- նշած է Դաւիթ Բաբայեան:
Սակայն, ան նաեւ ըսած է, որ եթէ Պայրամ Սաֆարովը կը կարծէ, թէ Ատրպէյճանի դրօշը կրնայ յայտնուիլ ԼՂՀ-ի մէջ պատերազմի հետեւանքով, ան չարաչար կը սխալի: «Պատերազմի դէպքում ղարաբաղեան եռագոյնը կը յայտնուի Պաքւում‘ նախագահի նստավայրի վերեւում եւ բոլոր կարեւոր հաստատութիւնների գլխավերեւում: Իսկ անձամբ Պայրամին, եթէ պատերազմ սկսելու յոյս ունի, խորհուրդ եմ տալիս սկսել հայերէն սովորել: Հակառակ դէպքում այդ գործիչը պարզապէս առանց աշխատանքի կը մնայ»,- եզրափակած է մամուլի քարտուղարը: