Սոչիի ողիմպիականին 
Հայաստան պիտի ներկայացնէ չորս մարզիկ

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- 7 Փետրուարին Սոչիի մէջ մեկնարկելիք Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն երեք դահուկորդներ եւ մէկ լեռնադահուկորդ:

Այս մասին «Սիվիլնէթ»ին յայտնած են Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ ծառայութենէն։ Կոմիտէն նշած է, որ անունները տակաւին յստակ չեն։
Միւս կողմէ, «Armsport.am»ը՝ վկայակոչելով Հայաստանի դահուկային մարմնակրթութեան ֆետերասիոնը՝ կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն դահուկորդներ Սերգէյ Միքայէլեանը, Արթուր Եղոյեանը, Կատեա Գալստեանը եւ լեռնադահուկորդ Արման Սերեբրակեանը:
Բայց եւ այնպէս ողիմպիական կոմիտէն այս անունները պաշտօնապէս չհաստատեց:

Տիգրան Քոթանճեան հռչակուեցաւ Հայաստանի ախոյեան

Երեքշաբթի, 21 Յունուարին, աւարտեցաւ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ճատրակի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Ակնկալուածին նման Հայաստանի ախոյեան հռչակուեցաւ մրցաշարքին ընթացքին գերազանց հանդէս եկած կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ տիտղոսին տիրանալու համար հաւասարութեան մը միայն պէտք ունէր: Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ ան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրելով հանդիսացաւ Հայաստանի 74-րդ ախոյեանը, հաղորդեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը:
Այսպիսով, Տիգրան Քոնթանճեան Հայաստանի ախոյեան դառնալէ բացի իրաւունք ստացաւ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին հետ հանդէս գալու՝ դառնալով անոր 5-րդ, բայց՝ պահեստի խաղացողը: Նշենք, որ ան ախոյեանութիւնը աւարտեց 6,5 կէտով:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, ախոյեան հանդիսացաւ Շուշանայ Սարգսեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 6,5 կէտ:

 

Յովհաննէս Յովհաննէսեանի իրագործումները
հեծելարշաւի աշխարհէն ներս

19ամեայ Յովհաննէս Յովհաննէսեան հեծելարշաւի աշխարհէն ներս արդէն իսկ յատկանշական նուաճումներ արձանագրած է շարք մը միջազգային մրցումներու ընթացքին: Ան կը մարզուի Հայաստանի Ողիմպիական հեծելարշաւի վարժարանին մէջ, վարպետ մարզիչներ Ալպերթ Սոլոյեանի ու Արմէն Կէօզալեանի հսկողութեան տակ:
Հայաստանի Ողիմպիական հեծելարշաւի վարժարանին մէջ կը մարզուին մօտաւորապէս 230 մարզիկներ՝ 10էն 30 տարիքի միջեւ: Անիկա հիմնուած է 2008ին, մարզիչ Ալպերթ Սոլոյեանի կողմէ:
Հայաստանի Ողիմպիական հեծելարշաւի վարժարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր օժանդակութեան ձեռք երկարելու համար, այցելել www.crdfriends.org կայքը:

 

Մկոյեան միացաւ Շիրակի

Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Շիրակի միացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կեդրոնի յետսապահ Հրայր Մկոյեան: Շիրակի կողմէ յայտարարուեցաւ, որ երկկողմանի համաձայնութեամբ խզուած է կապը Գանձասար Կապանի հետ, եւ Մկոյեան մինչեւ այս ամսուան վերջը պաշտօնապէս պայմանագրութիւն մը ստորագրած կ՛ըլլայ Շիրակի հետ:
Շիրակ պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր 8 Փետրուարին մրցում պիտի կատարէ :

 

Բերդապահ Արմէն Խաչատրեան տեղափոխուեցաւ Ալաշկերտ

Միքայի 29 տարեկան բարդապահ Արմէն Խաչատրեան, նախորդ շաբաթավերջին լքելով իր կազմը միացաւ Ալաշկերտի, որ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէր:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ ան իր նոր կազմին հետ մեկնեցաւ Անթալիա՝ երկու շաբթուան ուսումնամարզական հաաքի մը մասնակցելու համար:
Արմէն Խաչատրեան Փիւնիկի սան է: Ան անցեալին եղած է Հայաստանի երիտասարդներու ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին բերդապահը: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է Կիլիկիայի, Գանձասարի եւ Միքայի: