ԵՐԵՒԱՆ.- Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Միջազգային Ընկերակցութեան (AIEA /ՀՈՒՄԸ) 13րդ Ընդհանուր գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ, Երեւան, 9-11 Հոկտեմբեր 2014ին։

Այս գիտաժողովը յատկապէս կարեւոր է այն առումով, որ անոր գոյութեան 33 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ժողովը կը գումարուի Հայաստանի մէջ:

Գիտաժողովին ընթացքին կ՛ընդունուին հայագիտութեան որեւէ ոլորտին վերաբերող զեկուցումներ: Իւրաքանչիւր զեկուցման կը տրամադրուի 20 վայրկեան, որուն կը յաջորդէ 10 վայրկեան քննարկում: Մասնակիցներուն թիւին համաձայն՝ կը գումարուին թէ՛ լիագումար, թէ՛ զուգահեռ նիստեր:
Գիտաժողովին մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար կարելի է այցելել Մատենադարանի կայքը (www.matenadaran.am) եւ մասնակցութեան համար արձանագրուիլ մինչեւ 1 Ապրիլ 2014։ Գիտաժողովին կրնան մասնակցիլ միայն ՀՈՒՄԸի անդամները: