Յունուար 20-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործերու նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Կարէն Միրզոյեանի հանդիպումը։

Յունուար 18-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ մէկտեղուեցաւ ժողովուրդը բողոքելու համար «Ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի»ն:

ԵՐԵՒԱՆ.- Արտագաղթի ուսումնասիրութեան յանձնաժողովը մինչեւ 24 Յուն-ւար պիտի հրապարակէ իր ուսումնասիրութեան արդիւնքները: Հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն՝ նախնական տեղեկութիւններ արդէն կան եւ անոնք բաւական աղէտալի են:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վերջին քանի մը ամիսներուն Ռուսիա մեկնող Հայաստանի քաղաքացիներէն շատեր, տարբեր պատճառաբանութիւններով կամ նոյնիսկ առանց պատճառաբանութեան, արտօնութիւն չեն ստանար Ռուսիա մտնելու եւ սահմանէն կը վերադարձուին Հայաստան։

«Գազպրոմ» ընկերութիւնն արդէն պաշտօնապէս դարձաւ «Հայռուսգազարդ» ընկերութեան 100 տոկոս բաժնեմասի սեփականատէրը: