Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսկի խումբի ԱՄՆ համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք, ըստ Armenpress.am-ի, մտահոգութիւն յայտնած է Յունուար 20-ին ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած միջադէպին եւ առկայ լարուածութեան առնչութեամբ:
«Բըռնութիւնը եւ լարուածութիւնը սահմանին կը խարխլեն կարգաւորման բանակցային գործընթացին ուղղուած ջանքերը: Կը ցաւիմ այսօրուան մահուան համար», Armenpress.am-ի հաւաստիացումով նշուած է ամերիկացի դիւանագէտի Tweeter-ի էջին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 19-ի լոյս 20-ի գիշերը, ժամը 23:50-00:15-ի սահմաններուն, ղարաբաղա-ատրպէյճանական զօրքերու սահմանի հիւսիսարեւելեան (Ջրաբերդ) եւ հարաւարեւելեան (Կորգան) ուղղութիւններուն վրայ‘ արձանագրուած են ատրպէյճանական կողմի յարձակողական խումբերու ներթափանցման միաժամանակեայ փորձեր. մարտական դիրքին վրայ իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը կատարելու ժամանակ զոհուած է կրտսեր սպայ Արմէն Լեւոնի Յովհաննիսեանը: