Ազերիական դիրքերուն վրայ լարուածութիւն կայ, որովհետեւ մտահոգ են
թէ հայկական պատասխան գործողութիւն պիտի ստանան

Կառավարութեան նիստի ընթացքին խօսելով, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը յայտարարած է, թէ «Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ իրավիճակը վերահսկելի է»:

Նախարարը նիստին ընթացքին ներկայացուցած է հրադադարի խախտման դէպքերը եւ խօսած է մի քանի օր առաջ տեղի ունեցած յարձակման մանրամասնութիւններու մասին՝ վստահեցնելով, որ մեր տղաները կը ծառայեն ամենաբարձր մակարդակով:
Ան նշած է, որ հայկական կողմը անկանոն կրակոցներուն չի արձագանգեր, այլ կը պատասխանէ միայն նպատակային, ինչպէս նաեւ դիպուկարահարներու կրակոցներուն:
«Ժողովրդի մօտ որեւէ մտահոգութիւն չպէտք է լինի, որովհետեւ մեր զինուորականները պատշաճ կերպով կատարում են իրենց խնդիրը: Յունուարի 19-ի լոյս 20-ի գիշերը հակառակորդի դիվերսիոն գործողութիւնների անյաջող փորձից յետոյ, երբ հակառակորդն Արմէն Յովհաննիսեանի հմուտ գործողութիւնների շնորհիւ կրեց զոհեր եւ վիրաւորներ, Ատրպէյճանի դիրքերում որոշակի լարուածութիւն կայ` արտայայտուած կրակոցներով եւ որոշակի խուճապահար գործողութիւններով, որովհետեւ մտահոգութիւն կայ, որ մենք պատասխան կը տանք»,- ըսած է նախարարը:

Թշնամին Սահմանին Աշխոյժ է. Մեր Զինուորները Լռեցուցած են Կրակը

Ատրպէյճանը կը շարունակէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի եւ ղարաբաղա-ատրպէյճանական զօրքերու սահմանի տարբեր հատուածներու վրայ խախտել հրադադարի կանոնները: Այս գիշեր, հրադադարի կանոններու խախտման դէպքերը աննախադէպ էին: Այս մասին, ըստ Aysor.am-ի, մեկնաբանելով սահմանագծին ստեղծուած իրավիճակը‘ ըսած է պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Անոր խօսքով‘ հակառակորդը հրադադարի կանոնները գիշերուան ընթացքին խախտած է 300 անգամ:
Ա. Յովհաննիսեան նշած է, որ ՀՀ ԶՈՒ յառաջապահ ստորաբաժանումները պատասխան կրակ բացած են‘ լռեցնելու հակառակորդի աշխոյժութիւնը:
Ան նաեւ ըսած է, որ հայկական կողմը զոհեր եւ վիրաւորներ չունի:

Պաշտպանութեան Նախարարը Գերխնդիր Կը Նկատէ Արհեստավարժ Բանակի Ստեղծումը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վիճակահանութեամբ ծառայութեան վայրերը ընտրելու եղանակը նուազեցուցած է փտածութեան եւ կաշառակերութեան վտանգները: ԵՊԼՀ ուսանողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը: Ան գոհունակութիւն յայտնած է այն մասին, որ վերջին շրջանին հասարակութիւնը հեռաձայնելով չի փորձեր փոխել երիտասարդի մը ծառայելու վայրը: «Վերջին տարիներին մենք բաւականին լուրջ աշխատանք ենք կատարել զօրակոչի արդարացի իրականացման ուղղութեամբ: Մենք հասել ենք մի այնպիսի աստիճանի, որ գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով նուազեցրել ենք կոռուպցիոն ռիսկերը: Հասարակութիւնը հասկացաւ, որ պէտք չէ խնդրել, պէտք է գնալ ծառայել: Այն զինծառայողները, որոնք միայն «տաքուկ» տեղերում են ծառայում, չեն կարող ամբողջութեամբ տիրապետել ռազմական ունակութիւններին», նշած է նախարար Օհանեան:
Նախարարը հաստատած է, որ իրեն համար այժմ գերխնդիր է ստեղծումը արհեստավարժ բանակի, որուն համար նախապայմաններ կան։ «Նախ ֆինանսական միջոցներ են անհրաժեշտ, այնուհետեւ խաղաղ պայմաններ», եզրափակեց Օհանեան: