Հայաստան տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայանին մէջ մեկնարկեցին “ՆԱՎՈԴՉԻԿ-2” անօդաչու թռչող սարքի փորձարկումները: Ինչպէս յայտնեցին Ռուսաստանի Զինուած ուժերու Հարաւային ռազմական օկրուգի մամուլի ծառայութենէն, փորձնական թռիչքներ կþիրականացնեն ցերեկը եւ գիշերը, կլիմայական տարբեր պայմաններու մէջ:

Անօդաչու համալիրներու մէջ տեղադրուած նորագոյն արհեստագիտութիւնը թոյլ կուտայ միաժամանակ մի քանի թիրախ հետապնդել, նոյնիսկ՝ ամպերու մէջ եւ գիշերը: Կարեւոր գործօն է այդ անօդաչու սարքերու բացարձակ անտեսանելիութիւնը երկրէն:
“ՆԱՎՈԴՉԻԿ-2” համալիրի կազմին մէջ ներառուած է “ԳՐԱՆԱՏ” անօդաչու թռչող սարքի 4 տեսակ: Այդ համալիրները ունին տարբեր թիրախներ, որոնք թոյլ կուտան իրականացնել հետախուզական եւ յատուկ առաջադրանքներ, ունին թռիչքի երկար տեւողութիւն ու բարձրութիւն, ինչ որ շատ կարեւոր է լեռներու մէջ առաջադրանքներ կատարելու տեսանկիւնէ:
“Քամհուդ” եւ “Ալագեազ” ուսումնամարզական համալիրներուն մէջ ցուցադրական մարտավարական վարժանքներ կ'իրագործուին։