Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ դարաւոր բարեկամութեան ու պատմական առնչութիւններու վրայ հիմնուած հայ եւ յոյն բազմաբնոյթ յարաբերութիւնները, որոնք բաւականաչափ ներուժ ունին, եւ ատիկա երկկողմանի ջանքերով անհրա- ժեշտ է ամրապնդել: Այդ մասին յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ ընդունելով պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Վանկելիս Մէյմարաքիս:

Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ դարերու խորքէն եկող հայ եւ յոյն ժողովուրդներու՝ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած ամուր բարեկամութիւնը մեծ ապագայ ունի:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը երկկողմանի քաղաքական երկխօսութիւնը յառաջ մղելու գործին մէջ՝ դրական գնահատելով Հայաստանի եւ Յունաստանի խորհրդարաններուն մէջ ձեւաւորուած բարեկամութեան խումբերու գործունէութիւնը: Կողմերը շեշտեցին, որ օրէնսդիր մարմիններու միջեւ սերտ գործակցութիւնը կրնայ մեծապէս օգտակար դառնալ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան զարգացման ու խորացման գործին մէջ:

«Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութիւններուն Մէջ Ոչինչ Փոխուած Է»

Հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն: Խօսելով անոնց հեռանկարին մասին՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւններուն մէջ ոչինչ փոխուած է. նախորդ տարուան Նոյեմբերին Վիլնիւսի վեհաժողովին ընթացքին Հայաստան հաստատած էր Եւրոպական Միութեան հետ սերտ համագործակցութիւն զարգացնելու յանձնառութիւնը: Նախանցեալ օր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին հաւանութեան արժանացաւ «Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան Հայաստանի Հանրապետութիւն - Եւրոպական Միութիւն գործողութիւններու ծրագիրի կատարումը ապահովող 2014-2015 թուականներու նախաձեռնութիւններու ցանկի նախագիծը:
Հետագայ գործակցութեան խորացման ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքները կը շարունակուին:
Եւրոպական Միութեան ներկայիս նախագահող երկրին՝ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը վստահեցուց, որ իր երկիրը պիտի ընէ առաւելագոյնը՝ երկկողմանի կապերու ամրապնդումէն բացի, նը-պաստելու Հայաստան -Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման:

Հանդիպումներ

Վանկելիս Մէյմարաքիս ընդունուեցաւ նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին հետ Ազգային ժողովի Հայաստան - Յունաստան բարեկամական խումբի անդամներու հանդիպումը:
Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին հանդիպումը:
Զրուցակիցները ջերմութեամբ վերյիշեցին նախորդ տարուան Մարտին Աթէնքի մէջ ունեցած հանդիպումը եւ գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ հաստատուած է սերտ համագործակցութիւն, միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերը աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան խորացման:
Յունաստանի խորհրդարանի ղեկավարն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշեցին միջազգային կազմակերպութիւններուն խորհրդարանական վեհաժողովներուն երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու համագործակցութեան սերտացման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-յունական բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղութեամբ քայլերը: Կարեւոր նկատուեցաւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան խթանումը:
Եւրոպական Միութեան մէջ Յունաստանի նախագահութեան ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան:
Կիպրական հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ վերջերս արձանագրուած յառաջընթացի ծիրին մէջ Էվանկելոս Մէյմարաքիս ներկայացուց հիմնահարցին վերաբերեալ Յունաստանի մօտեցումները:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը:
Էդուարդ Նալբանդեան ու Էվանկելոս Մէյմարաքիս միտքեր փոխանակեցին շրջանային խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղիներուն վերաբերեալ: