Թանգարան-ինստիտուտի տնօրէնը նշեց, որ թրքական կողմը երբեմն գաղտնի, երբեմն ալ բացայայտ կերպով կը փորձէ տեղեկութիւն կորզել թանգարանի ինստիտուտի գործունէութենէն ու պետական յանձնաժողովի մօտակայ երկու տարիներու ծրագիրներէն:

«Սատար կանգնիլ Արցախի Հանրապետութեան՝ կը նշանակէ նպաստել Հարաւային Կովկասի մէջ վերջնական խաղաղութեան ամրակայման», այս մասին գրած են Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի հիմնադիր անդամներ եւ ֆրանսացի երեսփոխաններ՝ Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Ռընէ Ռուքէ եւ Կի Թեսիէ «Լը Մոնտ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ:

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները յոյս ունին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումը այս ամիս կը կայանայ: «Միայն անոնք կրնան քննել խաղաղութեան հաստատման խրթին հարցերը», «Թուիթըր»ի վրայ գրած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք,

Երեւանի մէջ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվան Մրկիչ, հանդիպումներ ունեցաւ իր պաշտօնակից Է. Նալբանդեանի հետ:

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Մարտ 8ին՝ Կանանց միջազգային տօնին օրը Ասկերանի շրջանի Խանցք համայնքին մէջ կազմակերպուեցաւ Արցախի թոնիրի հացի փառատօն: