ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- Թուրքիոյ մէջ հրապարակուած է Կոմիտաս վարդապետին երգերու ձայնասկաւառակը՝ հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն լեզուներով գրուած, նոթագրուած եւ հեղինակուած։ Այս մասին կը գրէ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» շաբաթաթերթը:

Ալպոմը «Հնչեցնել Կոմիտասի ժառանգութիւնը» նախագիծի առաջին արգասիքն է: Անիկա իրականացած է «Անատոլու քուլթուր»ի, «Քալան Միւզիք»ի եւ հոլանտական «Փրինս Քլարիւս Ֆոնտ» կազմակերպութեան աջակցութեամբ:

Հայ մեծ երգահան եւ հոգեւորական Կոմիտաս, հայերէն հարիւրաւոր երգերէն բացի, արձանագրած է նաեւ քրտերէն եւ թրքերէն երգեր, որոնց մէկ մասը ներկայացուած է այս ալպոմին մէջ։
Ձայնասկաւառակի պատրաստութեան աշխատանքներուն մասնակցած են Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Սփիւռքի հայերը, ինչպէս նաեւ թուրք ու քիւրտ երաժիշտներ: Մասնակիցներուն մէջ են Արամ Քերովբեանը, Մուրատ Այտեմիրը, Արա Տինքճեանը, Աշուղ Պինկէօլը, Էրթան Թե- քինը, Այթեքին Աթաշը, Շեւալ Շամը եւ ուրիշներ:
Սկաւառակին մէջ ներկայացուած են հայկական հոգեւոր ու ժողովրդական երգեր, քիւրտ երգիչներէն մէկը կ՛երգէ քրտերէն, միւսը՝ թրքերէն. այդ պատճառով ալ ալպոմը կը յատկանշուի իր մեծ բազմազանութեամբ, լեզուական հարստութեամբ ու չկրկնուող երգացանկով: Ալպոմին կից ներկայացուած է նաեւ հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով գրքոյկ, ուր առկայ են Կոմիտասի կենսագրութիւնը, երգերը՝ իրենց թարգմանութիւններով, լուսանկարները: Նախատեսուած է, որ յառաջիկային Կոմիտաս վարդապետի գիտական աշխատութիւնները թարգմանուին թրքերէնի եւ ներառելով որոշ արխիւային փաստեր՝ գիրքի մէջ ամփոփելու։
Ձայնասկաւառակին մէջ ներառուած հայերէն երգերն են՝ «Ինչու Պինկէոլ մտար», «Ալակեօզ աչերդ», «Տարտս լացէք, սարի սմպուլ», «Վայ էն ազգին», «Հոյ նար»: