Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստին արտակարգօրէն քննարկուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցած՝ «Նայիրիտ գործարան» փակ բաժնետիրական ընկերութեան մասնաւորեցման, ստանձնած վարկային պարտաւորութիւններուն եւ անհրաժեշտ ծաւալով տնտեսական գործունէութիւն չիրականացնելու պատճառները ուսումնասիրելու Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու նախագիծը:

Հիմնական զեկուցող, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ «Նայիրիտ» գործարանի գործունէութեան վերաբերեալ բազմաթիւ խնդիրներ յառաջացած են եւ գործարանը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը:
Պատգամաւորը յայտնեց, որ խնդիրին վերաբերեալ բազմաթիւ հրապարակումներ կը խօսին այն մասին, որ գործարանը կանխամտածուած դէպի սնանկացում կը տանին, ինչ որ Հայաստանի տնտեսութեան դէմ ուղղուած մարտահրաւէր է:
Ան նշեց, որ «Նայիրիտ»-ի ապագան եւ ճակատագիր որոշելը պէտք է դառնայ Ազգային ժողովի կարեւոր խնդիրներէն մէկը, որովհետեւ անիկա պէտք է ունենայ մասնակցութիւն այս խնդիրները բացայայտելու գործին մէջ: Պատգամաւորը շեշտեց, որ շատ կարեւոր է այս հարցերու լուծման ուղղութեամբ ժամանակաւոր յանձնախումբի ստեղծումը: