ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները յոյս ունին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումը այս ամիս կը կայանայ: «Միայն անոնք կրնան քննել խաղաղութեան հաստատման խրթին հարցերը», «Թուիթըր»ի վրայ գրած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք,

որ նաեւ Երկուշաբթի, Մարտ 10ին, Փարիզի մէջ կայացած Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովին եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջեւ հանդիպումը որակեց «առանցքային» հարցերու շուրջ «արդիւնաւէտ» բանակցութիւններ եւ՝ «բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորումը առաջ մղելու միջոց»:
Այս հանդիպման ակնարկելով՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլլաեւ յայտնած է, թէ անոր ընթացքին քննարկուած է Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւններու ներկայ իրավիճակը: Ըստ անոր՝ Մամետեարով նշած է, թէ Հայաստանի քայլերուն մէջ կառուցողականութեան բացակայութիւնը կ՛արգելակէ հակամարտութեան կարգաւորման եւ խաղաղ գործընթացի յառաջխաղացման, ինչ որ կը դժուարացնէ տարածաշըրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան վերականգնումը:
Ըստ Ապտուլլաեւի՝ Մամետեարով յայտնած է նաեւ, որ ատրպէյճանական կողմը պատրաստ է համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման՝ ընդգծելով, որ խաղաղ գործընթացի յառաջխաղացքին համար Հայաստանի զինուած ուժերը նախ պէտք է դուրս բերուին «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն»: